Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՄՆ-ու եւ Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հանդիպումը
Ուրբաթ օր, Փետրուար 6-ին Պոլսոյ մէջ նախատեսուած է ԱՄՆ-ու եւ Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հանդիպում մը, որուն նպատակն է մեղմացնել երկու երկիրներուն միջեւ տիրող տագնապը։
Բանակցութիւններուն պիտի մասնակցին ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու յատուկ դեսպանորդ Սթիւ Ուիթքոֆ, Թրամփի փեսան՝ Ճարետ Քուշնըր եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի։ Կը սպասուի նաեւ Թուրքիոյ, Քաթարի եւ Եգիպտոսի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն մասնակցութիւնը։
Այս զարգացումներուն զուգահեռ, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան գրած է, թէ նկատի առնելով տարածաշրջանի բարեկամ կառավարութիւններուն խնդրանքները՝ արձագանգելու ԱՄՆ-ու նախագահին բանակցութիւններու առաջարկին, յանձնարարած է աԱրտաքին գործոց նախարարին ունենալ արդար եւ հաւասար բանակցութիւններ։
Իր կարգին, նախագահ Թրամփ անդրադարձած է ընթացող գործընթացին՝ նշելով. “Մենք հիմա կը բանակցինք Իրանի հետ։ Եթէ կարենանք բանի մը շուրջ համաձայնութեան գալ, այդ հիանալի պիտի ըլլայ։ Իսկ եթէ չկարենանք, հաւանաբար գէշ բաներ պիտի պատահին”։
Ուիթքոֆ նախ պիտի այցելէ Իսրայէլ
Հետաքրքրական է, որ նախքան այդ հանդիպումը, ԱՄՆ-ու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ պիտի այցելէ Իսրայէլ՝ հանդիպելու վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Իսրայէլի զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարին հետ։ Այս մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ»-ը՝ յղում ընելով իսրայէլացի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու։
Պաշտօնատարները նշած են, որ Ուիթքոֆի այցելութիւնը հաւանաբար պիտի սկսի Երեքշաբթի, Փետրուար 3-ին։
Այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ Իրանի հետ տարածաշրջանային լարուածութեան սրման պայմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ այնպիսի պահու մը, երբ Թրամփի վարչակազմը առաջ կը մղէ Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու իր ծրագիրը։
