Դատարանը մերժած է Շահրամանեանի բողոքը
Screenshot
Արցախի նախկին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան դիմած էր դատարան բողոքելով «Հայաստանի պատմութիւն» առարկայի 9-րդ դասարանի դասագիրքին մէջ իրեն վերաբերող տեղեկութիւնը հերքելու պահանջով, զայն համարելով զրպարտութիւն։
Յունուար 31-ին, դատարանը մերժած է բողոքը՝ ընդդէմ «Հայաստանի պատմութիւն» դասագիրքի հեղինակ Նժդեհ Յովսէփեանի եւ ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան։
Նշենք, որ Սամուէլ Շահրամանեան կը պահանջէր խնդրոյ առարկայ դասագիրքէն զեղչել այն տեղեկութիւնը, թէ ինք, որպէս նախագահ, ստորագրած է Լեռնային Ղարաբաղի լուծարման մասին հրամանագիրը։
Ըստ Շահրամանեանի փաստաբան Ռոման Երիցեանի՝ բողոքը մերժուած է, որովհետեւ դատարանը Սամուէլ Շահրամանեանի պատիւը, արժանապատւութիւնը կամ գործիչի համբաւը արատաւորող փաստ չէ գտած հոն։
