Սերժ Սարգսեան. «Ընդդիմութեան միաւորուիլը բարդ խնդիր է»
Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած Հանրապետական կուսակցութիւնը առայժմ չէ որոշած՝ ի վերջոյ պիտի մասնակցի՞ Յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն, թէ՞ ոչ։ Փետրուար 3-ին ալ Սերժ Սարգսեան իր գործով դատական նիստէն առաջ պնդած է՝ որոշում չունին. «Ո՛չ, չունինք որոշում, եթէ ունենանք, կ՚ըսենք»։
Ընտրութիւններուն միասնական ճակատով մասնակցելու վերաբերեալ հարցումին ի պատասխան ալ երրորդ նախագահը ըսած է, թէ բարդ խնդիր է այդ։
“Ես փափաք ունիմ, բայց իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ ընդդիմութեան միաւորուիլը բարդ խնդիր է, եւ խօսքը մէկ ցանկով ներկայանալու մասին չէ։ Բայց տեսնենք”,– յայտարարած է Սերժ Սարգսեան։
***
Քանի մը օր առաջ, Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան ալ հարցազրոյցի մը ընթացքին հազիւ թէ քօղարկուած, յայտարարած էր, թէ խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն՝ ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածուն ինք պիտի ըլլայ։
