Արշակ սրբազանին կալանքը երկարաձգուած է

Արշակ

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանը՝ դատաւոր Կարէն Ֆարխոյեանի նախագահութեամբ, որոշած է երկու ամիս եւս երկարաձգել Արշակ սրբազանին կալանքը։

Փաստաբան Արսէն Պապայեան տեղեկացուցած է, որ դատարանը արտօնած է Արշակ սրբազանին քրոջ զաւակներուն տեսակցիլ անոր հետ։

Լրագրողներու հարցումին ի պատասխան՝ փաստաբանը նաեւ նշած է, որ գործի իրեղէն ապացոյցը՝ թմրեցուցիչի գլանիկը չէ անհետացած։ Ըստ Արսէն Պապայեանի՝ նման հաւաստում կատարած է քննիչը։

Յիշեցնենք, որ մամուլին մէջ կը շրջէին տեղեկութիւններ, ըստ որոնց՝ Արշակ արք. Խաչատրեանի գործին իրեղէն ապացոյցը կորսուած է։ Խօսքը, յատկապէս, թմրեցուցիչ պարունակող գլանիկի կորուստին մասին է, որ յայտնաբերուած է 2018-ին՝ Վեհափառին դէմ ցոյց ընող անձերէն մէկուն ուսապարկին մէջ։ Գլանիկը անհետացած է Արմաւիրի մարզային քննչական վարչութենէն։

Արդարադատ համակարգի պնդումն այն է, որ Արշակ արք. 2018-ի նշեալ ցոյցի ընթացքին ինք դրած կամ դնել տուած է այդ գլանիկը ցուցարարին ուսապարկին մէջ, զայն ապօրինի դիրքի մատնելու նպատակով։