Փաշինեան եւ Ալիեւ Ապու Տապիի մէջ հանդիպում ունեցած են եւ ստացած՝ «Զայէտ» մարդկային եղբայրութեան մրցանակը

Screenshot

Screenshot

Փետրուար 4-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) հանդիպում ունեցած է Ազերպայճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Կողմերը ողջունած են Ուաշինկթընի մէջ՝ ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հիւրընկալութեամբ եւ վկայութեամբ կայացած Խաղաղութեան վեհաժողովի համաձայնութիւններու իրագործման մէջ արձանագրուած յառաջընթացը: Անոնք նշած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին դրական ընթացքը պահպանելու եւ զայն երկկողմ ձեւաչափով յառաջ մղելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումէն ետք, երկու պետութիւններու ղեկավարներուն յանձնուած է «Զայէտ» մարդկային եղբայրութեան մրցանակը։ Մրցանակները յանձնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մոհամէտ Պին Զայէտ Ալ Նահեանը։ Փաշինեանն ու Ալիեւը մրցանակին արժանացած են Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման, տարածաշրջանէն ներս համագործակցութեան եւ կայունութեան ապահովման օրակարգը հետեւողականօրէն յառաջ մղելնուն համար։

Իր խօսքին մէջ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. 

«Յարգարժան գործընկերներ, Պատուարժան հիւրեր, տիկնայք եւ պարոնայք,

Ինչ որ կը կատարուի հոս, անհաւատալի է։ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի առաջնորդները միաւորուած են՝ կիսելու Մարդկային եղբայրութեան «Զայէտ» պատուաբեր մրցանակը՝ ի նշանաւորումն Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ կնքուած խաղաղութեան համաձայնագրին։

Վերջին գրեթէ 40 տարիներու ընթացքին երբեք չէիք տեսներ «խաղաղութիւն», «Հայաստան», «Ազերպայճան» բառերը միասին։ Եւ նոյնիսկ եթէ այս բառերը միասին գործածուէին, այդ, ըստ էութեան, կը նշանակէր անհաւանական բան մը։ Ահա թէ ինչո՛ւ 2025-ին տեղի ունեցածը եւ ինչ որ տեղի կ՚ունենայ հիմա, անհաւատալի են։

Սակայն այս արարողութիւնը միայն խաղաղութեան համաձայնագիրը տօնելու չի վերաբերիր. ան Հայաստանի եւ Ազերպայճանի կողմէ հաստատում մըն է, որ հակամարտութեան էջը փակուած է. հակառակ պարագային անիմաստ պիտի ըլլար Ազերպայճանի նախագահին կամ ինծի համար գալ հոս եւ արժանանալ այս պատիւին։

Սա նաեւ միջազգային հանրութեան աջակցութեան դրսեւորում է, քանի որ որոշումը կայացուցած է դատակազմ մը, որուն՝ աշխարհի տարբեր ծայրերէն եկող անդամները բարձր յարգանքի արժանացած անձնաւորութիւններ են։ Եւ ես կը փափաքէի իմ երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը յայտնել յատակազմին։ Յարգելի՛ բարեկամներ, ձեր որոշումը, անկասկած, կ՚ամրապնդէ խաղաղութիւնը մեր տարածաշրջանին մէջ եւ ատոր համար շնորհակալ ենք ձեզի։

Այս մրցանակը հիմնադրուած է Նորին Գերազանցութիւն Ալ-Ազհարի Գերագոյն Իմամին եւ Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապին («ՆՅ» — խօսքը՝ երջանկայիշատակ Փրանկիսկոս պապին մասին է) համատեղ ջանքերով։ Այս փաստը կը խորհրդանշէ մահմետական եւ քրիստոնէական աշխարհներու աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան։

Տիկնայք եւ պարոնայք,

Անհաւատալի բաները տեղի կ՚ունենան, երբ կա՛յ հաւատք, նուիրում, տեսլական եւ իմաստութիւն։ Կը կարծեմ՝ խաղաղութեան համաձայնագիրը կնքուեցաւ, որովհետեւ Հայաստանն ու Ազերպայճանը հասկցան, որ հակամարտութիւնը պէտք է դադրեցուի հիմա, հակառակ պարագային ան երբեք պիտի չդադրի՝ բերելով նորանոր տառապանքներ երկու երկրներուն եւ ժողովուրդներուն։

Սակայն, հակառակ անոր, որ Մարդկային եղբայրութեան «Զայէտ» մրցանակը պաշտօնապէս կը յանձնուի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներուն, ան իրականութեան մէջ մեր ժողովուրդներուն ձեռքբերումն է։ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարները համարձակ քայլերու ձեռնարկած են, բայց մեր ժողովուրդներու նոր ապագայ ընտրելու պատրաստակամութի՛ւնն է, որ իսկապէս կարելի կը դարձնէ պատմական այս պահը։

Հետեւաբար, այս մրցանակը նոյնքան կարեւոր է իւրաքանչիւր հայու եւ ազերպայճանցիի համար, որոնք համարձակութիւնն ունեցած են ապաւինելու խաղաղութեան։ Եւ ես կը փափաքէի շնորհակալութիւն յայտնել մեր երկու ժողովուրդներուն այն ընկալման համար, որ անցեալը փոփոխութեան ենթակայ չէ եւ այդ մէկը մեր կարելիութիւններէն դուրս է։

Հետեւաբար, մենք պէտք չէ կեդրոնանանք այն բանին վրայ, զոր չենք կրնար փոխել, այլ՝ պէտք է կեդրոնանանք մեր ազգերուն համար խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայ կերտելու նպատակին վրայ: Սա դիւրին ճանապարհ չէ, որովհետեւ կայ մեծ անվստահութիւն, յոռետեսութիւն, զայրոյթ եւ նոյնիսկ ատելութիւն:

Հակամարտութեան ընթացքին շատեր մահացած են, շատ սգացող ընտանիքներ այժմ կը հետեւին հոս տեղի ունեցողին: Անոնցմէ ոմանք, հնարաւոր է, այս իրադարձութիւնը համարեն անտեղի: Բայց տառապանքներու շարունակութիւնը ո՛չ թեթեւացում է, ո՛չ ալ յարգանքի նշան անոնց համար, որոնք տառապած են. սպանութիւններու շարունակութիւնը ո՛չ սփոփանք, ո՛չ ալ յարգանքի նշան է սպանուածներուն եւ անոնց հարազատներուն համար:

Խաղաղութիւնը բոլորին համար միակ մխիթարութիւնն է, խաղաղութիւնը զոհերուն նկատմամբ մեծագոյն յարգանքն է։

Գերազանցութիւններ, տիկնայք եւ պարոնայք,

«Զայէտ» Մարդկային եղբայրութեան այս պատուբեր մրցանակը ստանալու այս նշանակալի առիթով ես կը փափաքէի խորին երախտագիտութիւն յայտնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որուն անձնական ներգրաւումն ու խաղաղութեան իտէալին նուիրումը հիմնական գործօններն էին Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման համար, եւ յոյսով եմ, որ մենք պատիւ կ՚ունենանք ներկայ գտնուելու անոր Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը ըստ արժանւոյն շնորհելու արարողութեան, որուն ան արժանի է։

Շնորհակալութիւն։

Եւ թոյլ տուէք իմ յատուկ երախտագիտութիւնն ու յարգանքը յայտնել Նորին Մեծութիւն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մոհամմէտ պին Զայէտ Ալ Նահեանին եւ այս գեղեցիկ երկրի հիմնադիր հայր՝ երջանկայիշատակ եւ պատուարժան շէյխ Զայէտ պին Սուլթան Ալ Նահեանին»։

***

Լեւոն ԺԴ. Պապին օրհնութիւնն ու ուղերձը

Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին հսկայական պաստառին վրայ սփռուած է նաեւ Հռոմի պապ Լեւոն ԺԴ.-ի յատուկ ուղերձը։

Իր խօսքին մէջ Սրբազան պապը նախ յարգանքի տուրք մատուցած է երջանկայիշատակ Փրանկիսկոս պապին, որ Ալ-Ազհարի իմամին հետ ստորագրած էր «Մարդկային եղբայրութեան» պատմական փաստաթուղթը՝ հիմք դնելով այս մրցանակին։

Պապը մարդկային եղբայրութիւնը որակած է ոչ թէ իբրեւ հեռաւոր իտէալ, այլ՝ «հրատապ անհրաժեշտութիւն»։ Ողջունելով մրցանակակիրները՝ ան նշած է.

«Դուք յոյսի սերմնացաններ էք այն աշխարհին մէջ, որ չափազանց յաճախ պատեր կը կառուցէ կամուրջներու փոխարէն։ (…) Անտարբերութեան դիւրին ճամբուն փոխարէն ընտրելով համերաշխութեան փշոտ ուղին՝ անոնք ցոյց տուին, որ նոյնիսկ ամենախոր բաժանումները կրնան բուժուիլ շօշափելի գործողութիւններու միջոցաւ։ Անոնց աշխատանքը ցոյց կու տայ անոնց համոզումը, որ եղբայրութեան լոյսը կրնայ յաղթահարել եղբայրասպանութեան խաւարը»։

***

Իրադարձութեան արձագանգած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան՝ մասնաւորապէս նշելով. «Կ՚ուզեմ յատկապէս ընդգծել, որ խորապէս կը գնահատեմ թէ՛ իմ եղբայր Իլհամ Ալիեւի կողմէ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ ձեռնարկուած համարձակ քայլերը, թէ՛ ալ պարոն Փաշինեանի ցուցաբերած վճռական կամքը: Յոյսով եմ, որ 2026 թուականի «Զայէտ» մարդկային եղբայրութեան մրցանակը կը նպաստէ ամբողջ մարդկութեան»: