CCAF−ի ընթրիքին՝ ՀՀ դեսպանին ուշագրաւ բացակայութիւնը
CCAF-ի (Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդ) 2026-ի տարեկան ընթրիքին մեծագոյն նորութիւնը Հայաստանի դեսպանին բացակայութիւնն էր։ Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը կը բացակայի սոյն հանդիսութենէն, ճիշդ այն պահուն, երբ CCAF-ը կը փորձէ դրական ազդանշաններ ուղարկել ֆրանսահայ համայնքին՝ ընդարձակելով իր ներկայացուցչականութիւնը եւ հանրային քուէի միջոցով Անհատներու ներկայացուցիչներ ներգրաւելով Ազգային խորհուրդին մէջ (անոնց յատկացնելով աթոռներուն 25-էն 33 տոկոսը)։ Սակայն, կանոնադրական փոփոխութեամբ դէպի համայնք բացուիլը, ըստ երեւոյթին, չզուգորդուեցաւ դէպի Հայաստան բացուելու քաղաքականութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի պետութեան եւ կառավարութեան հանդէպ յստակ քաղաքական գիծի մը սահմանումով։ Երկու համանախագահները տակաւին կը գործեն՝ արհամարհելով CCAF-էն ներս եւ դուրս առկայ համայնքային դժգոհութիւնները եւ անտեսելով համայնքի ներկայացուցչական մարմին ըլլալու հանգամանքը, որ կը պահանջէ զերծ մնալ կարգ մը ծայրայեղ քաղաքական դիրքորոշումներէ, վերապահութեամբ ու դիւանագիտութեամբ վերաբերիլ Հայաստանի իշխանութիւններու քաղաքականութեան եւ չորդեգրել կուսակցապետի վայել կամ կամայական կեցուածքներ։ Որքան ալ քաղաքական դիրքորոշումները տարբեր ըլլան, CCAF-ի նման համագաղութային կառոյց մը պէտք է պահպանէ երկխօսութիւնը եւ համագործակցութեան կամուրջները, որովհետեւ Սփիւռքը՝ բոլոր մակարդակներու վրայ, պէտք ունի Հայաստանի նեցուկին, ինչպէս որ Հայաստանը՝ Սփիւռքին։
CCAF-ի համանախագահներուն այս դիրքորոշումը, նախ եւ առաջ, ուղղակի վնասակար է CCAF-ին, որովհետեւ ան դուռ կը բանայ ներքին պառակտումի՝ ֆրանսահայ համայնքէն ներս։ Արդէն իսկ վիճակը փայլուն չէ, քանի որ CCAF-ի անդամ կազմակերպութիւններուն 40 տոկոսէն աւելին հրաժարած կը թուի ըլլալ անդամակցութենէ։ Իսկ Հայաստանը, իբրեւ պետական կառոյց, միջպետական մակարդակի շփումներ կ՚ունենայ այլ պետութիւններու հետ՝ միջազգային դա-շինքներու հիման վրայ, եւ Ֆրանսայի հետ ունի շատ լաւ յարաբերութիւններ։ Բնականաբար, ֆրանսահայութիւնը կրնար աւելի ազդեցիկ ու դրական դերակատարութիւն ունենալ Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ երկխօսութիւնը ամրապնդելու գործին մէջ, եթէ Հայաստանի կառավարութեան հետ հաստատէր առողջ կապեր։ Սակայն, այս ընթացքով անկարելի է դրական արդիւնքի հասնիլ։ Իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ ֆրանսահայ համայնքէն ներս դժգոհութիւնը անհերքելի է։ Ընտրութիւններու առթիւ ընկերային ցանցերու վրայ եղան կոչեր՝ չմասնակցելու Անհատական ներկայացուցիչներու քուէարկութեան, հրապարակուեցան քննադատական յօդուածներ՝ CCAF-ի անգործութեան ու թերութիւններուն մասին։ Իսկ Հայաստանի դեսպանին բացակայութիւնը նորութիւն մըն է, որուն հետեւանքները պէտք է շատ արագ սրբագրել։ Այս փաստը կ՚ընդգծէ ոչ միայն երկխօսութեան պակասը, այլեւ՝ խորացող ճգնաժամ մը։
Արդէն շաբաթ մը անցած է CCAF-ի ընթրիքէն, եւ դեռ ոչ մէկ հակազդեցութիւն կամ պաշտօնական հաղորդագրութիւն կայ, որ կ՚անդրադառնայ դեսպան Արման Խաչատրեանի բացակայութեան։ Բացի մէկ-երկու մտաւորականներու կողմէ կատարուած անդրադարձներէն, քար լռութիւն կը տիրէ։ Ընդհակառակն, CCAF-ի կայքէջը ցոյց կու տայ ինքնագոհութեան ու պարծանքի անտեղի պատկեր մը։ Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները դիմած են այս քայլին, կը նշանակէ՝ կ՚ուզեն ազդանշան մը յղել, թէ կարգ մը կարմիր գիծեր հատուած են։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է հրապարակաւ քննարկել բոլոր այն հարցերը, որոնք անդառնալի դարձուցած են խզումը։
Փետրուար 6-8-ին տեղի պիտի ունենան Անհատական ժողովի ընտրութիւնները։ Ցանկալի է, որ թեկնածուները եւս անդրադառնային այս հարցին եւ յայտնէին իրենց յստակ դիրքորոշումը։ Թէեւ Փաթրիք Տէվէճեանի եւ Օրելի Տեյիրմէնճեանի ցանկը ընտրարշաւի ժամանակ յայտարարած է, թէ իրենք կը յարգեն Հայաստանի պետականութիւնը, ժողովուրդի ազատ կամքով ընտրուած կառավարութեան որոշումները եւ անոր գործերուն միջամուխ չըլլալու սկզբունքը, սակայն, ներկայ պարագային, CCAF-ի տարեկան ընթրիքին դեսպանին բացակայութիւնը Հայաստան-ֆրանսահայութիւն խզումի նոր սահմանագիծ մըն է, որ անցած է, եւ որուն համար հարկ է տալ քաղաքական գնահատական։
Ժ.Չ. ■
