CCAF-ի ընտրութիւններ — «Միասին՝ Հայաստանի համար» ցանկը յաղթած է ձայներու 69,06%-ով

logo

Փետրուար 6-8 տեղի կ՚ունենային Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) Անհատներու ժողովի ընտրութիւնները, առցանց դրութեամբ։

CCAF-ի առժամեայ Ազգային գրասենեակը Փետրուար 9-ի առաջին ժամերուն հրապարակեց արդիւնքները, ըստ որոնց CCAF-ի պաշտօնաւարտ համանախագահներ Արա Թորանեանի, Մուրատ Փափազեանի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի ՀԲԸՄ-ի համանախագահ Նատիա Գործունեանի գլխաւորած «Միասին՝ Հայաստանի համար» ցանկը ձայներու 69,06%-ով յաղթանակ տարած է ընդդէմ Ֆրանսուա Տէվէճեանի եւ Օրելի Տեյիրմէնճեանի գլխաւորած «Համախմբել, Կառուցել, Փոխանցել» ցանկին։

Քուէարկութեան մասնակցած են 1587 արձանագրուած անդամներէն 1454-ը, ինչ որ կը կազմէ 92%։

Ըստ ընտրակարգին, յաղթող ցանկէն Ազգային խորհուրդին մաս պիտի կազմեն առաջին 7 թեկնածուները, իսկ երկրորդ ցանկէն՝ առաջին 3 թեկնածուները։