Ըստ թուրք նախարարին՝ Հայաստան կրնայ միանալ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի ուժանիւթային համագործակցութեան
Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ ոչ միայն քաղաքական երկխօսութեան, այլեւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման վրայ։ Այս մասին, ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներուն, յայտարարած է Թուրքիոյ Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքթարը։
Ան նշած է, որ Անգարան կ՚աջակցի յարաբերութիւններու բնականոնացման՝ յատկապէս տնտեսական կապերու ընդլայնման տեսանկիւնէն։
Ըստ նախարարին՝ Հայաստան կրնայ դառնալ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի միջեւ ուժանիւթային համագործակցութեան մասնակից։ Պայրաքթար ընդգծած է, որ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կ՚ենթադրէ նաեւ տնտեսական շփումներու բնականոնացում եւ գործակցութեան նոր կարելիութիւններու ստեղծում։
“Ըստ էութեան, յարաբերութիւններու բնականոնացումը կ՚ենթադրէ նաեւ տնտեսական յարաբերութիւններու բնականոնացում։ Մենք կրնանք զարգացնել համագործակցութիւնը ուժանիւթային մարզէն ներս եւ օգտագործել առկայ կարելիութիւնները այդ ուղղութեամբ։ Կը յուսամ, որ այդ գործընթացը կը շարունակուի ի շահ բոլոր կողմերուն”,– ըսած է թուրք նախարարը։
