Հայաստան 2025-ի Համաշխարհային զբօսաշրջութեան մրցանակաբաշխութեան հռչակուած է Եւրոպայի առաջատար ժառանգութեան ուղղութիւն
ՀՀ Զբօսաշրջութեան կոմիտէին կը հաղորդէ, որ Հայաստան ճանչցուած է Եւրոպայի առաջատար ժառանգութեան ուղղութիւն (Europe’s Leading Heritage Destination):
Յայտարարութիւնը կատարուած է Համաշխարհային զբօսաշրջութեան 2025-ի հեղինակաւոր մրցանակաբաշխութեան արարողութեան (World Travel Awards 2025) ընթացքին, ուր Հայաստան արժանացած է բարձրագոյն պատիւին՝ ժառանգութեան զբօսաշրջութեան անուանակարգին մէջ:
Այս մասին հաղորդագրութեան մէջ Զբօսաշրջութեան կոմիտէն կը նշէ, թէ այս ճանաչումը կ՚ընդգծէ Հայաստանի հարուստ մշակութային աւանդը, դարաւոր պատմութիւնը եւ իւրայատուկ ժառանգութիւնը, որոնք կը շարունակեն գրաւել այցելուներ՝ աշխարհի չորս ծագերէն:
