Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ ռազմաարհեստագիտական համաձայնագիր

ՀՀ-Լեհաստան

Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Լեհաստանի հետ ռազմաարհեստագիտական համաձայնագիր ստորագրելու առաջարկին։ Կ՚ակնկալուի, որ համաձայնագիրը շօշափելի արդիւնքներ արձանագրէ ռազմական համագործակցութեան մարզէն ներս եւ գործակցութեան նոր ուղիներ բանայ։

Համաձայնագիրը նաեւ կ՚ուրուագծէ հետեւեալ կէտերը. համագործակցութեան յատուկ ոլորտներն ու ձեւաչափերը, գաղտնի տեղեկութիւններու պաշտպանութեան վերաբերող դրոյթները, երրորդ երկիրներու վաճառքը կանոնակարգող տնօրինումները, գործարքի ծիրէն ներս ստեղծուելիք միացեալ յանձնախումբի գործունէութիւնը։