Հայաստան եղծանման ընկալման ցանկին մէջ կը նահանջէ

Կաշառք

«Թրանսփարենսի Ինթըրնէշընըլ» (Transparency International) կազմակերպութիւնը հրապարակած է 2025-ի Եղծանման (corruption) ընկալման ցուցանիշերու ցանկը (CPI), ուր Հայաստան արձանագրած է 46 կէտ (0-էն 100 աստիճանաւորումով, ուր 0-ն կը նշանակէ խիստ եղծանուած, իսկ 100-ը՝ մաքուր կառավարում): Այս արդիւնքով՝ անցեալ տարուան համեմատ մէկ կէտով նահանջելով, Հայաստան 182 երկիրներու շարքին կը գրաւէ 65-րդ դիրքը:

Կազմակերպութեան՝ Եղծանման դէմ պայքարի կեդրոնի փորձագէտ Վարուժան Հոկտանեանի համաձայն՝ մէկ կէտի նուազումը վիճակագրական սխալի սահմաններուն մէջ է, սակայն իրական մտահոգութիւնը յառաջընթացի բացակայութիւնն ու լճացումն է: 

Երբ երկրի մը ցուցանիշը 50-էն վար կ՚իջնէ, եղծանումը կը վերածուի համակարգային լուրջ խնդրի՝ ազդելով պետական կառոյցներու կայունութեան վրայ:

2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի ցուցանիշը 35-էն արագօրէն հասած էր 49-ի (2020 եւ 2021 թուականներուն):

Այդ թափը սակայն դանդաղած է. յաջորդող տարիներուն ցուցանիշը իջած է 47-ի, իսկ 2025-ին՝ 46-ի:

Կառավարութեան 2023–2026 եղծանման դէմ պայքարի ռազմավարութեան թիրախը մինչեւ շրջանի աւարտը 55 կէտի հասնիլն էր, ինչ որ, ըստ փորձագէտին, այժմ անիրատեսական կը թուի:

Օրէնքները կան, սակայն գործադրումը կը պակսի

Հայաստան ընդունած է միջազգային չափանիշերուն համապատասխանող օրէնսդրութիւն, սակայն հետագայ յառաջընթացը կախուած է դատական եւ դատախազական համակարգերու անկախութենէն եւ բարեփոխումներու շարունակական գործադրումէն:

Տարածաշրջանային պատկեր

Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջին ցուցանիշը կը մնայ բաւական ցած՝ 35 կէտ:

Վրաստանի ցուցանիշը 53-էն նուազած է 50-ի (56-րդ դիրք)՝ ժողովրդավարական նահանջի, քաղաքական դրդապատճառներով հետապնդումներու եւ մամլոյ սահմանափակումներու պատճառով:

Ազերպայճանի ցուցանիշը 22-էն բարձրացած է 30-ի՝ հակառակ այլախոհներու, անկախ լրագրողներու եւ գործիչներու (ինչպէս՝ 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած Պախթիար Հաճիեւի) դէմ շարունակուող խիստ բռնաճնշումներուն: