«Հայերէնը աշխարհի հնագոյն լեզուներէն մէկն է» 

Մարակոս

ԵՄ-ի դեսպանին հայերէն ուղերձը՝ Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան առիթով

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոսը հայերէնով տեսաուղերձ մը յղած է Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան կապակցութեամբ:

Դեսպանը հայերէնով իր ուղերձը յղած է Մատենադարանի դիմացէն:

«Այսօր աշխարհի վրայ կը նշեն Մայրենի լեզուի միջազգային օրը։ Ան ընդունուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ եւ կը նշուի 2000 Փետրուար 21-էն ի վեր: Մայրենի լեզուի միջազգային օրը 2005 թուականէն սկսեալ կը նշուի նաեւ Հայաստանի մէջ: Հայերէնը աշխարհի հնագոյն լեզուներէն մէկն է: Ես ուրախ եմ բոլորս շնորհաւորելու այս հրաշալի տօնին առիթով»,– ըսած է Մարակոսը:

Դեսպանը ընթերցած է նաեւ հատուածներ Համօ Սահեանի «Գարունդ հայերէն է գալիս» բանաստեղծութենէն: