Հայաստանի մէջ «Եուվենթուս» ակադեմիան պաշտօնապէս իր դռները պիտի բանայ Օգոստոսին

Ժուվենթուս

«Եուվենթուս» ակադեմիա Հայաստանը պաշտօնապէս իր դռները պիտի բանայ Օգոստոսին. այս մասին հաղորդած է ակադեմիայի մամլոյ ծառայութիւնը։

«Մենք երկար եւ պատասխանատու ճամբայ հարթեցինք՝ ստեղծելու համար միջազգային բարձր չափանիշերուն համապատասխանող միջավայր մը, որ իրական առիթ պիտի ընձեռէ բարձրորակ ֆութպոլային կրթութեան»,– կը նշէ Ակադեմիայի յայտարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ մօտ ապագային տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը։

Ըստ «armsport.am» մարզական առցանց թերթին՝ Ակադեմիան Երեւանի մէջ պիտի գործէ երկու տարբեր վայրերու՝ Աւանի մէջ եւ Հրազդան մարզադաշտին մօտակայքը:

Նախապէս հաղորդուած էր նաեւ, որ տուեալ տարածքին պիտի կառուցուի բարձրակարգ պանդոկ մը՝ իր սեփական ֆութպոլային ենթակառոյցներով, ինչ որ առաջինը պիտի ըլլայ Երեւանի համար: