ԺԸՆԵՒ – Ըստ Միրզոյեանի՝ հաշտութիւնը դժուարին գործ է՝ նկատի առնելով հայ գերիներուն ճակատագիրն ու այլ հանգամանքներ

Միրզոյեան

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Փետրուար 23-ին Ժընեւի մէջ, ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի նիստին յայտարարած է, թէ հաշտութիւնը դժուարին գործ է՝ նկատի ունենալով Պաքուի մէջ տակաւին պահուող 19 հայ բանտարկեալներու, անհետացածներու ճակատագրերուն պարզաբանման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ աղաւաղուած պատմական պատումները:

“Բայց եւ այնպէս, Հայաստան կը շարունակէ վճռականօրէն յանձնառու մնալ այս ուղիի իրագործման՝ գիտակցելով, որ խաղաղութեան հետագայ հաստատութենականացումը պիտի խթանէ հակամարտութեան հետեւանքները լուծելու աւելի բարենպաստ միջավայր”,– ըսած է Արարատ Միրզոյեան։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարին համաձայն՝ անցեալ Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ կայացած վեհաժողովը «ոչ միայն խաղաղութիւն հաստատեց երկու երկիրներուն միջեւ, այլեւ հարթեց առեւտուրի, հաղորդակցութեան եւ մարդոց միջեւ շփումներու ճամբան»:

“Մենք նաեւ մեր հասարակութիւններուն, ներառեալ՝ տուժած բնակչութեանց միջեւ իրական երկխօսութեան եւ վստահութեան սերմեր կը ցանենք, ինչ որ աւելի կարեւոր է կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնագրերէն: Հակառակ անոր որ հակամարտութեան ցաւալի մարդասիրական հետեւանքները տակաւին չեն լուծուած, եւ հեռաւոր ու մօտ անցեալի վէրքերը կը շարունակուին, մենք ընտրած ենք հաշտութեան դժուարին ուղին”,– նշած է նախարար Միրզոյեան:

Յիշեցնենք, որ Ազերպայճան Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներն ու միւս գերիները վերջերս դատապարտեց 15 տարիէն մինչեւ ցմահ ազատազրկման: