Սումկայիթի ջարդերուն 38-րդ տարելիցին ընդառաջ

Սումկայիթ-2

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին Մարդկային իրաւանց պաշտպանը դիմած է լրասփիւռներուն՝ տարելիցին նախօրեակին

Քանի մը օրէն պիտի ոգեկոչենք Ազերպայճանի Սումկայիթ քաղաքի հայութեան ենթարկուած ջարդերուն 38-րդ տարելիցը։ 1988 Փետրուար 27-29-ին տեղւոյն հայ բնակիչները, երկրին իշխանութիւններուն դրդումով ու օժանդակութեամբ՝ ազերպայճանցի վոհմակներու կողմէ հալածուեցան մարդ արարածին համար ամէնէն վայրենի արարքներով՝ իրենց բնակարաններէն իսկ, պարագաներու մեծամասնութեան՝ ուղղակի սպանութեան, լաւագոյն պարագային՝ քաղաքէն ու երկրէն քշելու միտումով։

Խորհրդային պաշտօնական տուեալներուն համաձայն՝ ջարդերուն զոհ գացած է 32 հոգի, որոնց 26-ը՝ հայեր, իսկ 6-ը՝ ազերիներ (որոնք հիմնականին մէջ սպանուած են բանակին հետ բախումներու ընթացքին):

Սակայն, հայկական եւ անկախ աղբիւրներու, ականատեսներու վկայութիւններուն, վերապրողներուն, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար հետազօտողներուն համաձայն՝ զոհերուն իրական թիւը շատ աւելի մեծ է: Կը գնահատուի, որ սպանուածներուն թիւը կը հասնի քանի մը հարիւրի (յաճախ կը նշուի աւելի քան 200 կամ 300 հայ զոհ): Շատերու մարմինները անհետացած են կամ գաղտնի թաղուած:

Բացի մահացածներէն, հարիւրաւոր հայեր ենթարկուած են ծանր մարմնական խոշտանգումներու, բռնաբարութիւններու եւ հաշմուած են: Այս դէպքերուն պատճառով Սումկայիթի բովանդակ հայկական համայնքը (շուրջ 18.000 հոգի) ստիպուած եղաւ լքելու իրենց տուները եւ դառնալ գաղթական՝ ապաստանելով Հայաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ:

*** 

Այս տարելիցին նախօրեակին, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին Մարդկային իրաւանց պաշտպան Լարիսա Ալավերդեան դիմած է զանգուածային լրասփիւռներուն:

“Ողբերգութիւնը տեղի ունեցաւ միանգամայն անսպասելիօրէն. 1988 թուականի Փետրուար 21-ին Խորհրդային Միութեան մէջ սկսաւ այն, ինչ որ ամբողջ աշխարհը հետագային կոչեց ջարդեր: Իրականութեան մէջ այդ մէկը Խորհրդային Ազերպայճանի մէջ հայերու դէմ գործուած ցեղասպանական յաջորդական արարք մըն էր: Չեմ ուզեր կանգ առնել ողբերգութեան վրայ. անոր ականատեսները մեզի հետ են եւ իւրաքանչիւր բառ կը յիշեցնէ, թէ ինչե՜ր վերապրած ենք: Պատահական չէ, որ Փետրուարին Սումկայիթի նախկին հայ բնակիչներուն շրջանակին մէջ հիւանդութիւններու եւ նոյնիսկ մահացութեան դէպքերը աւելի շատ կ’ըլլան”,– նշած է Ալավերդեան:

Հայաստանի առաջին Մարդկային իրաւանց պաշտպանը յիշեցուցած է, որ հայերուն համար այդ ողբերգական, իսկ Ազերպայճանի համար յանցագործութեան օրերուն մասին վաւերագրական ժապաւէնը կը կոչուի «Սումկայիթ 88»: Փետրուար 28-ը ՀՀ օրէնսդրութեամբ սահմանուած է իբրեւ Սումկայիթի կոտորածի եւ 1988 թուականէն ի վեր Ազերպայճանի մէջ տեղի ունեցած ու մինչեւ օրս շարունակուող բոլոր հետագայ ցեղասպանական գործողութիւններու զոհերու յիշատակի օր:

“Կ’ուզեմ յիշեցնել մեր բոլոր հեռատեսիլի կայաններուն, կայքերուն, եւ ունիմ խնդրանք մը, նոյնիսկ՝ խնդրանք-պահանջ մը: Կարեւոր է, որ մարդիկ չմոռնան իրենց նորագոյն պատմութիւնը: Մենք արդէն ունինք սերունդ մը, որ ծնած է անկախ Հայաստանի մէջ, եւ կը փափաքիմ, որ այդ սերունդը իր անցեալն ու արմատները մոռցած չմեծնայ, եւ որ անմեղ զոհերուն յիշատակը անպայման յարգուի: Թէեւ վստահ եմ, որ նոյնիսկ առանց իմ խնդրանքիս, մեծ հեռատեսիլի կայանները, սկսեալ Հանրային հեռատեսիլէն, անպայման պիտի ցուցադրեն այդ ժապաւէնը եւ հաղորդումներ պիտի նկարահանեն, բայց եւ այնպէս, կ՚ուզեմ դիմել անոնց եւ յիշեցնել յիշողութեան պահպանման կարեւորութեան մասին: Մեր մէջ կ՚ապրին անոնք, որոնք վերապրած ու փրկուած են ցեղասպանութենէն: Մեր պարտականութիւնն է քաղաքական իրադարձութիւններու ալիքին մէջ չկորսնցնել մարդկայնութիւնը: Ոչինչ կը մոռցուի, եւ ոչ ոք կը մոռցուի: Կը դիմեմ հեռատեսիլի բոլոր կայաններու ղեկավարներուն, առցանց թերթերու խմբագիրներուն եւ ընդհանրապէս լրասփիւռներուն. խղճի եւ սրտի ձայնը բոլորին պիտի յուշէ, որ անոնք պէտք չէ մոռնան անպատիժ մնացած ոճրագործութեան անմեղ զոհերը”,– եզրափակած է Ալավերդեան: