ՀՀ նախագահին հարցազրոյցը՝ յունական «Manifesto»-ին. «Պատմական յիշողութիւնը պէտք չէ մեզ կտրէ իրականութենէն»
Յունաստան կատարած պետական այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հարցազրոյց տուած է յունական հեղինակաւոր «Manifesto» պարբերականին՝ անդրադառնալով արտաքին քաղաքականութեան, հայ-յունական յարաբերութիւններուն եւ Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին:
Նախագահը յատկապէս կարեւոր համարած է 2025 Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ, ԱՄՆ-ու նախագահ Թրամփի վկայութեամբ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներուն ստորագրած հռչակագիրը՝ նշելով, որ անոր նախորդած է բաւական երկար նախապատրաստական շրջան մը։
Խօսելով բանակցութիւններու գործնական արդիւնքներուն մասին՝ Խաչատուրեան ընդգծած է, որ անցեալ տարուան Յունուար 25-էն ի վեր սահմանային իրավիճակը հանգիստ է եւ կրակոց չկայ, մինչդեռ նախապէս գրեթէ ամէն օր միջադէպեր կ՚արձանագրուէին։
Սփիւռքի մտահոգութիւններն ու պատմական յիշողութիւնը
Անդրադառնալով Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով Սփիւռքի որոշ հատուածի մտահոգութիւններուն՝ նախագահը յայտնած է, որ արտասահմանի հայկական համայնքներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին ըմբռնում նկատած է կառավարութեան քայլերուն նկատմամբ։
“Անոնց ներկայացուցի Հայաստանի տնտեսական եւ քաղաքական իրավիճակը: Զգացի, որ կայ ըմբռնում մեր կառավարութեան քաղաքականութեան նկատմամբ: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ մենք պատմական յիշողութեան գերի չդառնանք եւ չկտրուինք իրականութենէն”,– շեշտած է նախագահ Խաչատուրեան:
