ՓԱՐԻԶ – Sciences Po-ի մէջ դասախօսութիւն՝ «Հայաստան-Ազերպայճան. կարելի՞ է մնայուն խաղաղութիւն մը» բնաբանով
Երեքշաբթի, Փետրուար 24-ին, Փարիզի Sciences Po-ն հիւրընկալեց Հարաւային Կովկասի բարդ իրավիճակին նուիրուած դասախօսութիւն մը, զոր կազմակերպած էր Միջազգային հետազօտութիւններու կեդրոնը (CERI). կենսական հարցադրում մը համախմբած էր մասնակիցները. «Հայաստան-Ազերպայճան. կարելի՞ է մնայուն խաղաղութիւն մը»։ Թուրք հետազօտող Պայրամ Պալճըի (CERI/CNRS) զրուցավարութեամբ, այս ձեռնարկը ապահովեց CERI-ի հրաւիրեալ հետազօտող ազերպայճանցի Ալթայ Կէօյուշովի եւ «Le Monde»-ի լրագրող ու Sciences Po-ի եւ HEC-ի դասախօս Կայծ Մինասեանի միջեւ երկխօսութեան հարթակ մը։ Իբրեւ ապացոյց նիւթի աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան՝ նշենք, որ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ լեփ-լեցուն սրահի մը մէջ, ուր տեղ գրաւած բազմաթիւ ուսանողներու կողքին կարելի էր նկատել նաեւ տարբեր երկիրներու դիւանագէտներու ներկայութիւնը։ Այս հանդիպման նպատակը տարբեր էր սովորականէն, ոչ թէ լոկ հրադադարի մը պահպանման վրայ ծանրանալ, այլ՝ ուսումնասիրել «դրական խաղաղութեան» մը հիմքերը։ 2026 Յունիսի հայաստանեան վճռորոշ խորհրդարանական ընտրութիւններէն քանի մը ամիս առաջ, ուր ներքին խնդիրները կը միահիւսուին Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան միջնորդութիւններուն հետ, ահաւասիկ այս դասախօսութեան յատկանշական խորհրդածութիւններուն ամփոփումը։


Աննախադէպ երկկողմանի շարժընթացի մը ի յայտ գալը
Դասախօսութիւնը լոյս սփռեց Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ լարումի մեղմասցման իսկական շարժընթացին վրայ, որ յատկանշուած է քաջալերական նշաններով եւ արդիւնաւէտ ոչ-պաշտօնական հանդիպումներով։ Այս զարգացումը յատկապէս մարմին առաւ երեք երկկողմանի համաձայնագրերով (Հայաստան-ԱՄՆ, Հայաստան-Ազերպայճան եւ ԱՄՆ-Ազերպայճան), որոնք պսակուեցան միացեալ յայտարարութեամբ մը, եւ այս բոլորը միասին կազմեցին 2025 Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրը։ Զրոյցներու ընթացքին ընդգծուած գլխաւոր փաստը այն էր, որ Երեւանն ու Պաքուն այսօր ցոյց կու տան, թէ դէպի խաղաղութիւն յառաջանալու համար իրենք այլեւս Ռուսաստանի միջնորդութեան կարիքը չունին։
Ըստ Կայծ Մինասեանի՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ այս մերձեցումը կը մատնէ յարացոյցի (paradigme) խորքային փոփոխութիւն մը։ «Մենք աստիճանաբար կ’անցնինք պատիժի խաղաղութեան տրամաբանութենէն», — զոր կը փափաքէր Ազերպայճան, հետապնդելով լիակատար քաղաքական յաղթանակի նպատակը, Ղարաբաղի վերացումն ու Հայաստանի անձնատւութիւնը — իսկական «իրաւունքի խաղաղութիւն» հաստատելու հայկական տրամաբանութեան։ Բայց եւ այնպէս, ծանր մարտահրաւէրներ տակաւին առկայ են այս դանդաղ գործընթացին մէջ։ 2025 Օգոստոս 8-ի համաձայնագրին մանրամասնութիւնները առնուազն մէկ տարուան կը կարօտին իրագործուելու համար, յատկապէս՝ սահմանագծման արագացումն ու կենսաչափական անցակէտերու տեղադրումը։ ՏԵղւոյն վրայ, այլ հրատապ թղթածրարներ կը մնան առկախ՝ 19 հայ գերիներուն ճակատագիրը, 150-էն 200 քառակուսի քիլոմեթր հայկական գերիշխան տարածքի՝ Պաքուի կողմէ բռնագրաւման վերջ տրուիլը, Արցախէն տեղահանուած 120.000 հոգիի կարգավիճակը, ինչպէս նաեւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ սահմաններու յստակացումը, ընդ որում Հայաստան կը մերժէ որեւէ արտատարածքային միջանցք եւ չ՚ընդունիր սահմանադրական փոփոխութեան որեւէ պահանջ Պաքուի կողմէ, նոյնիսկ եթէ ան կը պատրաստուի սահմանադրական բարեփոխումներու նոր նախագիծ մը ներկայացնելու։
Համաշխարհային եւ տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական ցնցում մը
Այս տարածաշրջանային անցումը կը տեղաւորուի ինքնին արագօրէն փոխուող աշխարհի մը մէջ, ուր Կովկասը ուղղակի կը կրէ մեծ հակամարտութիւններու յարակից ազդեցութիւնները, ինչպէս՝ Ուքրաինայի պատերազմը եւ լարումը Միացեալ Նահանգներու ու Իրանի միջեւ։ Մենք ականատես կ՚ըլլանք ազդեցութեան գօտիներու ընդգծուած վերադարձին. միայն Կովկասի սրտին մէջ գտնուող «Թրամփի Ուղի»-ն (Route Trump) է, որ բացառութիւն կը կազմէ ԺԹ. դարու դասական դիւանագիտութեան այս մօտեցումին մէջ։ Ամերիկեան վարչակազմը այժմ կը թափանցէ ռուսական նախկին պատմական գօտի, ինչ որ կը բարձրացնէ այն հարցը, թէ արդեօք Ուաշինկթըն կը գործի՞ք կը դարձնէ Հայաստան-Ազերպայճան առանցքը աւելի լայն ռազմավարութեան մը մէջ՝ հաւանաբար ընդդէմ Չինաստանի, կամ նոյնիսկ՝ Իրանի։
Դէմ-յանդիման այս ցնցումներուն՝ Հայաստան կ՚իրագործէ եւրոպամէտ յստակ շրջադարձ մը, որ մեծապէս դիւրացուած է Ֆրանսայի եւ նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ, որուն դերը վճռորոշ եղած է վերջին համաձայնագրերուն մէջ։ Այս արեւմտեան առանցքային թեքումը կը փլուզէ Վլատիմիր Փութինի եւ անոր կամակատարներուն Երեւանի ու Սփիւռքի մէջ տարածած պատումը, թէ Հայաստան մեկուսացած, աղքատ ու լքուած է։ Իր դիւանագիտական օրակարգը ամրապնդելու համար, Երեւան այժմ պէտք է վերահաւասարակշռէ իր յարաբերութիւնները մշտապէս կայսերական նկրտումներ ունեցող Ռուսաստանի հետ, եւ սա՝ հակառակ հին վարչակարգի քաղաքական եւ կրօնական վերնախաւերու պատասխանատւութեան որոշ պակասին։ Տարածաշրջանային խաղը կը մնայ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ռուսաստանի միջեւ բարդ եռակողմ պար մը, ուր դաշինքները կը կազմուին ու կը քանդուին։ Ազերպայճան կ՚անհանգստանայ յատկապէս հաւանական ռուս-իրանեան մերձեցումէ մը, մինչ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դժուարութեամբ կը վերահսկէ Պաքուի յաւակնութիւնները, որուն անցեալի յարձակողապաշտութիւնը Ֆրանսայի հանդէպ, որ ի դէպ, կարծէք տեղի կու տայ դիւանագիտական թեթեւ ջերմացման մը։
Ներքին մարտահրաւէրները եւ «միւս»-ը ընդունելու բարդ գործընթացը
Խաղաղութեան եւ երկարաժամկէտ համագործակցութեան այս փխրուն գործընթացին ապագան սերտօրէն կապուած է հայաստանեան ներքին քաղաքական կայունութեան հետ։ Յառաջիկայ Յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւնները կը խոստանան ըլլալ վճռորոշ, մանաւանդ որ անոնց պիտի նախորդէ Հայաստանի մէջ կազմակերպուող Եւրոպական քաղաքական համայնքի խիստ կարեւոր վեհաժողով մը։ Մոսկուան եւ անոր աջակիցները Երեւանի ու Սփիւռքի մէջ, հետեւելով «ամէն ինչ, բացի Փաշինեանէն» ռազմավարութեան, արդէն իսկ կը փորձեն միջամտել եւ ազդել ընտրութիւններուն վրայ՝ ստեղծելով ապակայունացման ուրուական մը՝ «Գիւմրի 2»-ի օրինակով։ Բայց եւ այնպէս, Հայաստանի վարչապետը ունի ամուր քաղաքական յենարան, կը վայելէ աջակցութիւնը քաղաքացիական հասարակութեան լայն խաւերուն, որոնք ջերմեռանդօրէն կը փափաքին դարձնել պատերազմի էջը։
Ինչ կը վերաբերի ազերպայճանական կողմին՝ դասախօսութեան ընթացքին բարձրացուած հարցադրումն էր՝ Ղարաբաղը ձեռք բերելէ ետք, ի՞նչն է, որ տակաւին կը մղէ Իլհամ Ալիեւը «յառաջ վազելու»: Մեծ անյայտը կը կայանայ ատելութեան տրամաբանութիւնը խզելու անոր կարողութեան — եւ կամքին — մէջ, որպէսզի վերջապէս իր ժողովուրդը պատրաստէ հաշտութեան։ Իր կարգին, ազերպայճանցի հետազօտող Ալթայ Կէօյուշով տրամաբանօրէն իր խօսքը կառուցեց խաղաղութեան որոնումին շուրջ, որ օրուան բնաբանն էր։ Ան շեշտեց կենսական տարբերութիւն մը երկու տեսակի խաղաղութեան միջեւ. մէկը, որ ան կ՚որակէ «պարտադրուած», հետեւաբար՝ «արհեստական», եւ միւսը՝ «ճշմարիտ խաղաղութիւնը»։ Ան բացատրեց, որ առաջինը կը յենի զուտ միջպետական համաձայնութեան մը վրայ, որ մղուած է իւրաքանչիւր կառավարութեան յատուկ աշխարհաքաղաքական գործօններով եւ շահերով։ Սակայն, ան զգուշացուց՝ դիւանագիտական համաձայնութեան այս տեսակը միշտ պիտի մնայ անորոշ եւ ոչ-վստահելի այնքան ատեն, որ երկու կողմերու քաղաքացիական հասարակութիւններն ու ժողովուրդները իրենք անձամբ չեն կնքած խաղաղութիւնը, որ միակ երաշխիքն է իսկական հաշտութեան։
Ինչպէս եզրափակեց Կայծ Մինասեանն ալ, անդրադառնալով հասարակական այս իրողութեան՝ այն իսկական մարտահրաւէրը, որ այժմ կը ցցուի երկու ազգերուն առջեւ, ոչ միայն պայմանագիր մը կնքելն է, այլեւ՝ խաղաղութիւնը կառուցելը՝ դէպի անցեալ որեւէ վերադարձ կանխելու համար. պահանջկոտ գործընթաց մը, որ կ՚ենթադրէ խորքային աշխատանք ինքնութեան վրայ եւ «միւս»-ը ընդունելու ուղղութեամբ։
ՇԱՆԹ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ ■
