Հայաստանի եւ Իրանի Պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են տարածաշրջանային հարցեր
Իրան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հանդիպում ունեցած է իր իրանցի պաշտօնակիցին՝ Ազիզ Նասիրզատէի հետ։
Անոնք միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան առնչուող շարք մը հարցերու շուրջ:
Պապիկեան եւ Նասիրզատէ, բարձր գնահատելով պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս Հայաստան-Իրան համագործակցութեան մակարդակը, հաստատակամութիւն յայտնած են շարունակելու աշխատանքները երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ քննարկած են երկու երկիրներու գործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յակոբեան։
