ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ — Ալիեւ. «Իրան թող չմոռնայ, թէ ինչպէ՛ս վերջ տուինք հայկական բռնագրաւման» 

01000000-0aff-0242-5ea8-08dcb5fdf455_cx0_cy8_cw0_w1023_r1_s

Ազերպայ­ճա­նի նա­խագահ Իլ­համ Ալիեւ Մարտ 5-ին Պա­քուի մէջ գու­մա­րուած Անվտան­գութեան խոր­հուրդի նիս­տին խստօ­րէն զգու­շա­ցու­ցած է Իրա­նը՝ Նա­խիջե­ւանի օդա­կայա­նին հաս­ցուած հա­րուա­ծին առնչու­թեամբ: “Իրան թող չմոռ­նայ, թէ ինչպէ՛ս մենք վերջ տուինք հայ­կա­կան բռնագ­րաւման”,– յայ­տա­րարած է ան:

Ալիեւ յայտնած է, որ երկրին զի­նուած ու­ժե­րը՝ Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը, Պե­տական սահ­մա­նապահ ծա­ռայու­թիւնը եւ յա­տուկ նշա­նակու­թեան ու­ժե­րու միւս բո­լոր ստո­րաբա­ժանումնե­րը բե­րուած են թիւ մէկ մար­տա­կան պատ­րաստու­թեան վի­ճակի։ Ըստ անոր՝ այդ ու­ժե­րը «պէտք է պատ­րաստ ըլ­լան որե­ւէ գոր­ծո­ղու­թեան իրա­կանաց­ման»։

Մենք պիտի պաշտպա­նենք մեր հողա­յին ամ­բողջա­կանու­թիւնը եւ պատ­րաստ ենք մեր հզօ­րու­թիւնը ցու­ցադրե­լու որե­ւէ չա­րագործ ու­ժի, ճիշդ այնպէս, ինչպէս վերջ տուինք հայ­կա­կան բռնագ­րաւման”,– շա­րու­նա­կած է Ալիեւ՝ սպառ­նա­լով. “Այն ան­պա­տիւ մար­դի­կը, որոնք իրա­կանա­ցու­ցած են այս ահա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւնը, պի­տի զղջան։ Անոնք պէտք չէ խա­ղան մեր համ­բե­րու­թեան հետ։ Ով որ նման բան փոր­ձէ ընել՝ պի­տի կոր­ծա­նի «Եր­կա­թէ բռունցք»-ին կող­մէ”։

Անվտան­գութեան խոր­հուրդի նիս­տին Ազեր­պայճա­նի նա­խագա­հը նաեւ քննա­դատած է Իրա­նի պե­տական լրա­սփիւռնե­րը՝ զա­նոնք մե­ղադ­րե­լով հա­կաքա­րոզ­չութիւն ծաւալե­լու եւ Իրա­նի մէջ ապ­րող ազեր­պայճան­ցի­ներու վե­րաբեր­ումը Ազեր­պայճա­նի Հան­րա­պետու­թեան հան­դէպ փո­խելու փոր­ձե­րուն մէջ։ “Սա կ՚ըլ­լար այն պատ­ճա­ռով, որ անոնք շատ լաւ գի­տեն, թէ ան­կախ ազեր­պայճա­նական պե­տու­թիւնը այ­սօր յոյ­սի աղ­բիւր է Իրա­նի մէջ ապ­րող բազ­մա­թիւ ազեր­պայճան­ցի­ներուն հա­մար”,– հաս­տա­տած է ան։

Իրան կը պնդէ, թէ չէ հարուածած Ազերպայճանը

Յի­շեց­նենք, որ Մարտ 5-ի առ­աւօտեան, Պա­քու հա­ղոր­դած էր, թէ Իրա­նի զի­նուած ու­ժե­րը անօ­դաչու սար­քե­րով հա­րուա­ծած են Նա­խիջե­ւանը, տե­ղեկու­թիւն մը, զոր Թեհ­րա­ն կը հեր­քէ։

«Իրանի զի­նուած ու­ժե­րը կը հեր­քեն, թէ Նա­խիջե­ւանին հաս­ցուած հա­րուած­նե­րուն ետին կայ Թեհ­րանը»,– կը հա­ղոր­դէ «Ռոյ­թըրզ» լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւնը՝ վկա­յակո­չելով Իրա­նի պե­տական լրա­սփիւռնե­րը։

Նա­խիջե­ւանի օդա­կայա­նին հաս­ցուած հա­րուա­ծին Իրա­նի առնչու­թիւնը կաս­կա­ծի տակ առած է նաեւ Իս­լա­մական Հան­րա­պետու­թեան Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ­նա­խարար Քա­զեմ Ղա­րիպա­պատին։ “Մենք չենք թի­րախա­ւորեր մեր դրացի պե­տու­թիւննե­րը։ Նա­խիջե­ւանը հա­րուա­ծելու մա­սին ես առա­ջին ան­գամ ձեզ­մէ կը լսեմ եւ պէտք է հե­տաքննեմ, թէ ո՛րն է այս տե­ղեկա­տւու­թեան աղ­բիւրը”,– ազեր­պայճա­նական հեռատեսիլի կա­յան­նե­րէն մէ­կուն հաղորդման ընթացքին յայ­տա­րարած է Իրա­նի Արտաքին գործոց փոխնա­խարա­րը։

Միաժամանակ ան նշած է, որ դրացի եր­կիրնե­րու տա­րած­քը կը թի­րախա­ւորուի միայն այն պա­րագա­յին, երբ «այդ տա­րածքնե­րուն մէջ գտնուող թշնա­մական պե­տու­թիւննե­րու ռազ­մա­կայան­նե­րը գոր­ծօն են եւ կ’օգ­տա­գոր­ծուին Իրա­նի ան­մեղ բնա­կիչ­նե­րուն դէմ հա­րուած­ներ հասցնե­լու նպատակով»։

Թուրքիա դա­տապար­տած է Նա­խիջե­ւանին հաս­ցուած հա­րուա­ծը

Ան­գա­րան կը դա­տապար­տէ Ազեր­պայճա­նի Նա­խիջե­ւանի տա­րա­ծա­շրջա­նին հաս­ցուած հա­րուա­ծը”,– իր կարգին յայ­տա­րարած է Թուրքիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թիւնը՝ կոչ ընե­լով «դադ­րեցնելու եր­րորդ եր­կիրնե­րուն հաս­ցուող հա­րուած­նե­րը»։

«Մենք ան­գամ մը եւս կոչ կ’ընենք դադ­րեցնե­լու տա­րածաշրջա­նին մէջ գտնուող եր­րորդ եր­կիրնե­րը թի­րախա­ւորող հա­րուած­նե­րը, որոնք կրնան յան­գիլ պա­տերազ­մի տա­րած­ման»,– յայ­տա­րարած է Թուրքիոյ Ար­տա­քին քա­ղաքա­կան գե­րատես­չութիւ­նը։

Այս յայ­տա­րարու­թիւնը հրա­պարա­կուած է Թուրքիոյ եւ Ազեր­պայճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար­ներ Հա­քան Ֆի­տանի եւ Ճէյ­հուն Պայ­րա­մովի հե­ռաձայ­նա­յին զրոյ­ցէն քա­նի մը ժամ ետք։