ԱՄՆ-ու նախագահը դարձեալ խօսած է Իրանի հետ պատերազմի մօտալուտ աւարտին մասին

Թրամփ

«Գործնականապէս հոն թիրախաւորելու ոչինչ մնացած է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Մարտ 11-ին յայտարարած է, որ Իրանի հետ պատերազմը կրնայ շուտով աւարտիլ, քանի որ «գործնականապէս հոն թիրախաւորելու ոչինչ մնացած է»։

“Երբ ես փափաքիմ, որ պատերազմը աւարտի, ան պիտի աւարտի”,– շեշտած է Սպիտակ տան ղեկավարը։

Հակառակ անոր որ ԱՄՆ-ու նախագահը հրապարակաւ կը պնդէ, թէ ռազմական գործողութիւնը արդէն մեծամասնութեամբ հասած է իր նպատակներուն, ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ կը նշեն, որ մարտական գործողութիւններու աւարտին վերաբերեալ որեւէ յստակ հրահանգ տակաւին չէ տրուած։ Անոնք կը հաստատեն, թէ կը պատրաստուին Իրանին հարուածներ հասցնելու առնուազն երկու շաբաթ եւս:

Այս ծիրին մէջ, Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իր կարգին յայտարարած է, որ պատերազմը պիտի շարունակուի «առանց որեւէ ժամանակային սահմանափակումի՝ այնքան ատեն որ անհրաժեշտ է, մինչեւ Իսրայէլ հասնի իր բոլոր նպատակներուն եւ արձանագրէ վճռական յաղթանակ»։