Իրանի նոր Գերագոյն առաջնորդը «ողջ եւ առողջ է»՝ հակառակ ստացած վէրքերուն
Իրանի նոր Գերագոյն առաջնորդ Մոճթապա Խամենէին, հակառակ պատերազմի ընթացքին ստացած իր վէրքերուն, «ողջ եւ առողջ է», յայտարարած է կառավարութեան խորհրդական եւ նախագահի որդին Եուսէֆ Փեզեշքեանը։
Ան «Թելեկրամ»-ի իր ալիքին վրայ գրած է, թէ Խամենէիի վիրաւորուելուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերէն ետք անմիջապէս ճշդած է տեղեկութիւնները եւ հաւաստում ստացած, որ առաջնորդին առողջական վիճակը լաւ է։
Նշենք, որ նախապէս իրանեան պետական հեռատեսիլի կայանը Խամենէին որակած էր «Ռամատանի պատերազմի վիրաւոր վեթերան», առանց սակայն յստակացնելու, թէ ան ի՛նչ տեսակի եւ ծանրութեան վէրքեր ստացած է։
Միւս կողմէ, ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին համաձայն՝ Մոճթապա Խամենէին վիրաւորուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միացեալ յարձակումներու առաջին իսկ օրը։
