Սթրազպուրկի մէջ՝ Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ, բացուեցաւ հայոց այբուբենի յուշարձանը
Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոպական խորհրդարանի վարչական շէնքին յարակից տարածքին վրայ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի ներկայութեամբ, պաշտօնապէս բացուեցաւ Հայոց այբուբենին նուիրուած յուշարձանը։ Հայոց տառերէն բաղկացած եւ «Արմատագիր — երկխօսութեան ուժը» խորագիրը կրող այս քանդակը տեղադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ՝ իբրեւ երախտագիտութեան նշան Եւրոպական խորհրդարանի շարունակական եւ անվերապահ աջակցութեան։

Իր արտասանած խօսքին մէջ, Ռոպերթա Մեցոլա նշեց, որ երկխօսութիւնը ժողովրդավարութեան անկիւնաքարն է, որ մեզ կը միաւորէ եւ յառաջ կը մղէ։ “Ի վերջոյ, ա՛յս է Եւրոպական խորհրդարանը իր էութեամբ՝ երկխօսութեան կառուցում մէկզմէկուն, քաղաքացիներուն եւ մեզ շրջապատող աշխարհին հետ։ Այս գեղեցիկ գործով եւ Հայոց այբուբենի այս պատկերումով, հայերէնը իր տեղը կ՚ամրապնդէ այն հարուստ եւ բազմազան երկխօսութեան մէջ, որ կը կոչուի Եւրոպա”,– ըսաւ Մեցոլա՝ իր ելոյթը եզրափակելով հայ մեծանուն բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի ծանօթ պատգամով. «Ուր էլ լինես, այս լուսնի տակ ուր էլ գնաս, քո մայր լեզուն չմոռանաս»։
Վարչապետ Փաշինեանն ալ իր կարգին ընդգծեց, որ 5-րդ դարուն ստեղծուած Հայոց այբուբենը հայկական ինքնութեան կարեւորագոյն հիմնասիւներէն է։ “Շատ խորհրդանշական է, որ այս քանդակը կ՚ընդգծէ հայկական եւ եւրոպական ինքնութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող կարեւոր կապը։ Կը կարծեմ, թէ խօսքը, գիտելիքն ու գիրը ժողովրդավարութեան հզօրագոյն խորհրդանիշերէն են, քանի որ անկարելի է ունենալ ժողովրդավարութիւն՝ առանց գրութեան, առանց շփումի, առանց ելոյթի եւ առանց օրէնքի”,– եզրափակեց վարչապետը։
