Պատմական ելոյթ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ. Փաշինեան կը խօսի Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան, տարանցման նոր ուղիներու եւ ԵՄ-ի անդամակցութեան մասին

ԵԽ-Փաշ-5

Սթրազպուրկի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային այցը սկսաւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի հետ հանդիպումով։ Պաշտօնական դիմաւորումէն եւ խորհրդարանի «Ոսկեայ մատեան»-ին մէջ գրառում կատարելէն ետք, տեղի ունեցաւ միացեալ մամլոյ ասուլիս։ Մեցոլա շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին՝ Իրանի վերջին իրադարձութիւններուն ծիրէն ներս եւրոպացի քաղաքացիներու տարհանման գործին մէջ կենսական մարդասիրական միջանցք ծառայելուն համար։ Ան շեշտեց, որ Եւրոպան Հայաստանը կը նկատէ վստահելի բարեկամ եւ յոյս յայտնեց, որ Մայիսի սկիզբը Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովը աւելի պիտի ամրապնդէ երկկողմ յարաբերութիւնները, յատկապէս նոր ռազմավարական օրակարգի եւ վիզաներու ազատականացման լոյսին տակ։

Այնուհետեւ, վարչապետ Փաշինեան ծաւալուն եւ հաշուետուական ելոյթով հանդէս եկաւ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին։ Անոր խօսքին առանցքը կազմեց 2025 Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ստորագրուած խաղաղութեան հռչակագիրը, որուն որպէս վկայ միացած էր նաեւ ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ։ Փաշինեան ընդգծեց, որ արդէն ութ ամիսէ ի վեր սահմանին վրայ կատարեալ անդորր կը տիրէ, եւ 1991-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով՝ 2025-ը անցած է առանց զոհի։ Խաղաղութիւնը, սակայն, ամէնօրեայ խնամք կը պահանջէ, նշեց ան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի համար անվտանգութեան միակ եւ վստահելի երաշխիքը այդ խաղաղութիւնն իսկ է, որուն կը յաջորդէ տնտեսական փոխկապակցուածութիւնը։

Անդրադառնալով տարածաշրջանային ապաշրջափակման՝ վարչապետը յայտնեց, որ Երեւանն ու Ուաշինկթընը մօտ օրէն պիտի ստորագրեն «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) ծրագրի գործնական համաձայնագիրը։ Զուգահեռաբար, Փաշինեան նոր առաջարկ մը ներկայացուց Ազերպայճանին՝ տրամադրել Կոռնիձոր-Գորիս-Եղեգնաձոր-Երասխ երթուղին՝ ապահովելու համար Նախիջեւանի հետ ցամաքային կապը, մինչեւ որ կարելի դառնայ լիարժէք երկաթուղային հաղորդակցութիւնը։ Ան հաստատեց, որ այս նախաձեռնութիւնը բնաւ նպատակ չունի ձգձգելու TRIPP ծրագիրը, այլ կու գայ լրացնելու 2025 Նոյեմբերին Ազերպայճանի տարածքով դէպի Հայաստան առաջին գնացքի ժամանումով սկիզբ առած դրական տեղաշարժը։

Խօսելով ներքին մարտահրաւէրներուն մասին՝ Փաշինեան խստօրէն քննադատեց հայ հոգեւորականութեան մէկ հատուածը, որ ըստ իրեն, արտաքին յատուկ ծառայութիւններու (մասնաւորապէս նախկին «ՔԱ-ԿԷ-ՊԷ»-ի) եւ նախկին ղեկավարներու դրդումով կը փորձէ վտանգել երկրին անկախութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Յիշեցնելով 2024-ի Ապրիլին Տաւուշի մէջ սկսած դժուարին սահմանազատումը՝ ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը կրցաւ կանխել պետականութեան կորուստը՝ ականջալուր ըլլալով ժողովուրդին։ Իբրեւ յաջողութեան օրինակ՝ ան նշեց Կիրանց գիւղը, որ հակառակ ընդդիմութեան ահազանգերուն, այսօր դարձած է ապահով եւ զարգացող բնակավայր։ Վարչապետը յայտարարեց, որ 2026 Յունիս 7-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի գան անշրջելի դարձնելու թէ՛ ժողովրդավարութիւնը եւ թէ՛ խաղաղութիւնը։

Վարչապետը իր ելոյթին ընթացքին յատուկ անդրադարձ կատարեց մարդասիրական խնդիրներուն։ Ան վստահեցուց, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ իր «լուռ դիւանագիտութիւնը»՝ Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար պահուող 19 հայ գերիները, ներառեալ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը հայրենիք վերադարձնելու նպատակով։ Այս գործելաոճը արդէն իսկ արդիւնք տուած էր Յունուար 14-ին, երբ չորս գերիներ ազատ արձակուեցան։ Միեւնոյն ժամանակ, ան շեշտեց արցախցի գաղթականները Հայաստանի մէջ ընդմիշտ բնակեցնելու եւ քաղաքացիութիւն շնորհելու ռազմավարութիւնը, որուն ծիրէն ներս արդէն 4886 ընտանիք ապահովուած է բնակարանով։ Ինչ կը վերաբերի Մերձաւոր Արեւելքի եւ Իրանի տագնապին՝ ան յայտնեց, որ Հայաստանի նման փոքր պետութեան կը մնայ միայն աղօթել խաղաղութեան եւ ղեկավարներու իմաստութեան համար։

Վերջապէս, անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն՝ Փաշինեան յիշեցուց, որ 2025-ի գարնան Հայաստան ընդունած է ԵՄ-ի անդամակցութեան գործընթաց սկսելու մասին օրէնքը։ Սակայն ան անկեղծօրէն նշեց, որ այս պահուն հիմնական արգելքը Եւրոպական Միութեան եւ Վրաստանի միջեւ սառեցուած քաղաքական երկխօսութիւնն է (Վրաստանի մէջ արձանագրուած ժողովրդավարական նահանջին պատճառով)։ Քանի որ Վրաստանը Հայաստանի համար դէպի Եւրոպա տանող կենսական ճամբան է, վարչապետը յոյս յայտնեց, որ Թիֆլիս-Պրիւսէլ յարաբերութիւնները շուտով պիտի վերականգնուին, ինչ որ շօշափելի պիտի դարձնէ նաեւ Երեւանի լիարժէք եւրոպական հեռանկարը՝ համապատասխան բարեփոխումներէ ետք։

Աւելցնենք, որ վարչապետը իր խօսքը աւարտեց աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան յաղթանակի մաղթանքներով, ինչ որ արժանացաւ խորհրդարանականներու յոտնկայս ծափահարութիւններուն։

***

Փաշինեանի՝ ներքին մարտահրաւէրներու առնչուող յայտարարութիւններուն անմիջապէս հակադարձած է Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը՝ նշելով, որ վարչապետը ստիպուած էր արդարանալու եւ եւրոպական ամպիոնէն խօսելու քաղաքական բանտարկեալներու եւ եկեղեցւոյ դէմ իր յարձակումներուն մասին, քանի որ այլընտրանքային կարծիքները արդէն հասած են եւրոպական շրջանակներուն։