Երեւանի մէջ պիտի բացուի «ՍԵՄ» սփիւռքահայ մշակութային կեդրոնը
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան եւ «ՍԵՄ սփիւռքահայ մշակոյթի կեդրոն» հիմնադրամին միջեւ ստորագրուած է համագործակցութեան յուշագիր մը, որ նոր էջ կը բանայ սփիւռքահայ ժառանգութեան պահպանման մէջ: Փաստաթուղթը վաւերացուցած են նախարար Ժաննա Անդրրասեանը եւ հիմնադրամի համահիմնադիրներ՝ գրող ու գրականագէտ Գրիգոր Պըլտեանն ու Մովսէս Տէր-Գէորգեանը, ներկայութեամբ նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեանի:

Այս նախաձեռնութեան գլխաւոր նպատակն է սփիւռքահայ մշակութային հարուստ ժառանգութեան հաւաքագրումն ու խնամքը, ինչպէս նաեւ նորարարական ծրագրերու իրականացումը: Յուշագրի ծիրէն ներս կողմերը յայտնած են իրենց պատրաստակամութիւնը ստեղծելու արդիական կեդրոն մը, ուր պիտի զետեղուին հիմնադրամին նուիրաբերուած արժէքաւոր արխիւները, գրական ու մտաւոր արտադրութիւնները եւ արուեստի գործերը: Կեդրոնը պիտի գործէ միջազգային չափանիշերով՝ դառնալով բազմագիտակարգային հարթակ, որ կը նպաստէ հայ մշակոյթի արդիականացման եւ մշակութային կեանքի զարգացման:

Նախարար Ժաննա Անդրէասեան, ընդգծելով այս քայլին կարեւորութիւնը, շեշտած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի դառնայ այն հանգրուանը, ուր հայրենիքէն դուրս ստեղծուած արժէքները ո՛չ միայն պիտի պահպանուին ու արժեւորուին, այլեւ հասանելի պիտի դառնան հանրութեան ու հետազօտողներուն: Ան նշած է, որ այս նախաձեռնութիւնը լիովին կը համապատասխանէ պետական ռազմավարութեան, որու շրջանակէն ներս կառավարութիւնը յաւելեալ միջոցներ կը յատկացնէ միջազգային աճուրդներէ հայկական ձեռագրեր ու կտաւներ ձեռք բերելու եւ զանոնք Հայաստան վերադարձնելու համար:

Հիմնադրամի համահիմնադիր Մովսէս Տէր-Գէորգեան բացատրած է, որ իրենց նպատակն է սփիւռքի բազմաձայն ինքնութեան բացայայտումն ու անոր կենսունակութեան փոխանցումը նոր սերունդին, ստեղծելով ժամանակակից հայալեզու իմացական դաշտ մը: Իր կարգին, Գրիգոր Պըլտեան յատուկ շեշտադրումով նշած է, որ «ՍԵՄ»-ը պարզ թանգարան մը չէ, այլ մտածումի, անհատական փորձառութեան եւ մանաւանդ ստեղծագործական աշխատանքի վայր մը, ուր ժառանգութիւնը պիտի ծառայէ որպէս այժմէականութեան զօրեղ գործօն: Այս յուշագիրը ստորագրման պահէն ի զօրու կը դառնայ երեք տարի:
