Հրաւէր՝ Հայրենադարձութեան 80-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովին

Հայրենադարձութիւն

1946–1948 թուականներու հայրենադարձութիւնը հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան ամենայատկանշական իրադարձութիւններէն մէկն է, որ էական ազդեցութիւն ձգած է թէ՛ Հայաստանի ժողովրդագրական, ընկերա-մշակութային ու տնտեսական կեանքին, եւ թէ՛ ազգային ինքնութեան վերակազմաւորման ու պետականաշինութեան հոլովոյթներուն վրայ։

Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանը կը կազմակերպէ Մեծ հայրենադարձութեան 80-ամեակին նուիրուած «Հայրենադարձութեան շերտերը» խորագրով միջազգային գիտաժողովը։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է նորովի արժեւորել նիւթին առնչուող թանգարանային հաւաքածոները, ինչպէս նաեւ քննարկել այս երեւոյթին ընկերային, մշակութային եւ պատմական զանազան շերտերը։

Գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 2-էն 4՝ Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին մէջ։ Ներկայացուելիք զեկուցումները պէտք է ընդգրկեն հետեւեալ թեմատիկ ուղղութիւնները.

  • Զանգուածային հայրենադարձութեան փուլերը (1921-1936, 1946-1948, 1962-էն ետք)։
  • Հայրենադարձութեան կազմակերպման եւ հայրենադարձներու՝ Հայաստանի մէջ ընդունելութեան հարցերը։
  • Հայրենադարձներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու աստիճանական համարկումը խորհրդահայ հասարակութեան մէջ։
  • Հայրենադարձութեան քաղաքական-գաղափարախօսական, ընկերային եւ մշակութային ազդեցութիւնները Հայաստանի եւ Սփիւռքի արդի պատմութեան վրայ։
  • Հայրենադարձներու՝ «մնացողներուն» եւ հետագային «արտագաղթողներուն» համեմատական քննութիւնը. կազմակերպման թերութիւններն ու շարժառիթները։
  • Հայրենադարձութեան եւ հետագայ արտագաղթի արձագանգները Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։
  • Հայրենադարձութիւնը յետխորհրդային Հայաստանի մէջ։
  • Հայրենադարձներու մշակութային ժառանգութիւնը թանգարանային հաւաքածոներուն մէջ։
  • Հայրենադարձներու արտագաղթը բանաւոր պատմութիւններուն մէջ։
  • Հայրենադարձութեան պատմութիւններու ուսումնասիրման մեթոտաբանական հարցեր։

Ժամանակացոյց.

  • 10 Յունիս – Դիմումներու ընդունման վերջին պայմանաժամ
  • 20 Յունիս – Մասնակցութեան հաստատման վերջին պայմանաժամ
  • 25 Յունիս – Յայտագրի հրապարակում
  • 2-4 Յուլիս – Գիտաժողովի օրեր
  • 1 Օգոստոս – Յօդուածներու յանձնում

Մասնակցութեան համար անհրաժեշտ է լրացնել դիմումը եւ ներկայացնել նիւթին ամփոփումը (մինչեւ 300 բառ) հետեւեալ յղումով՝ https://shorturl.at/LXKeQ

Արտասահման գտնուող բանախօսները կրնան մասնակցիլ նաեւ առցանց (online) ձեւաչափով։ Աշխատանքային լեզուներ՝ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ռուսերէն։

Ներկայացուած զեկուցումները, գրախօսուելէ ետք, պիտի հրատարակուին «Աշխատութիւններ Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի» պարբերական գիտական ժողովածուի յաջորդական թիւին մէջ։