Վախճանած է Վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Իլիա Բ.-ը

Իլիա

93 տա­րեկա­նին կեան­քէն հե­ռացած է Վրաց ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ կա­թողի­կոս-պատ­րիարք Իլիա Բ.-ը։ Բօ­թը պաշ­տօ­նապէս յայտնած է պատ­րիար­քա­կան գա­հի տե­ղապահ միթ­րո­պոլիտ Շիօ Մու­ճի­րին։

Իլիա Բ. Վրա­ցա­կան եկե­ղեց­ւոյ հո­վուա­պետի պաշ­տօ­նը կը վա­րէր 1977-էն ի վեր։ Ան 1957-ին, հա­զիւ 24 տա­րեկա­նին, կու­սակրօն քա­հանայ ձեռ­նա­դրուած էր՝ ստա­նալով Իլիա անու­նը։ Տա­րիներ ետք՝ 1977 Դեկ­տեմ­բեր 23-ին, Թիֆ­լի­սի Սիոնի մայր տա­ճարին մէջ գու­մա­րուած Վրաց ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ 12-րդ ժո­ղովին ըն­թացքին, այն ատեն Սու­խումի եւ Աբ­խա­զիոյ եպիս­կո­պոսի պաշ­տօ­նը վա­րող Իլիա Շիոլաշ­վի­լին ընտրուեցաւ եկե­ղեց­ւոյ հո­գեւոր առաջ­նորդ։

Այդ օրէն սկսեալ ան կրեց Հա­մայն Վրաս­տա­նի կա­թողի­կոս-պատ­րիար­քի, Մցխե­թի եւ Թիֆ­լի­սի ար­քե­պիս­կո­պոս Իլիա Բ. տիտ­ղո­սը, որուն հե­տագա­յին աւել­ցաւ նաեւ Պի­ծունտա­յի, Սու­խումի եւ Աբ­խա­զիոյ միթ­րո­պոլի­տի կո­չումը։