Փաշինեան. «Որոշ ուժեր կը պատրաստեն նոր պատերազմ մը»
Վարչապետ Փաշինեան, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ որոշ ուժեր կը պատրաստեն նոր՝ սեպտեմբերեան պատերազմ մը, որ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ երկրին համար։ Ան այսպէսով բացատրած է, թէ ի՛նչ նկատի ունէր «պատերազմի կուսակցութիւններ» եզրը գործածելով։
“Պատերազմի կուսակցութեան էութիւնը ամէն օր աւելի ակնյայտ կը դառնայ, որովհետեւ այդ կուսակցութիւններն ու շրջանակները նախ կ՚ըսեն, որ դէմ չեն խաղաղութեան, ապա կը սկսին խօսիլ, որ իրենց՝ իշխանութեան գալու պարագային պիտի վերանային խաղաղութեան հոլովոյթը։ Շատ ուղիղ, առանց սեթեւեթանքի կ՚ուզեմ ըսել, որ սա պատերազմ է, որ պիտի յանգի ոչ միայն տարածքային, այլեւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան կորուստին”,– շեշտած է Փաշինեան։
Ան պնդած է նաեւ, որ այդ շրջանակներէն ոմանք նոյնիսկ չեն հասկնար, թէ ի՛նչ կ՚ըսեն. “Այն բնագրերը, զորս անոնք կ՚արտասանեն, ուրիշ տեղ գրուած են, եւ իրենք պարզապէս ընթերցողի կարգավիճակ ունին։ Ա՛լ աւելին, իրենց ըսածը չհասկցող ուժերն ու քաղաքական գործիչները պէտք չէ Հայաստանի մէջ որեւէ պաշտօնական կարգավիճակի յաւակնին”։
Վարչապետը զգուշացուցած է, որ գրեթէ բոլոր այս ուժերը հանդէս կու գան խաղաղութեան վերանայման դիրքերէ, ինչ որ կը նշանակէ անխուսափելի պատերազմ. “Եւ այդ, ընտրութիւններէն շատ չանցած, առաւելագոյնը՝ աշնան”,– ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ եթէ հարկ ըլլայ, կրնայ նաեւ անուններ տալ։
Անդրադառնալով խառնաձեւ (հիպրիտային) պատերազմին՝ առանց յստակացնելու, թէ ուրկէ՛ կու գայ այդ սպառնալիքը (բայց ամենայն հաւանականութեամբ ակնարկելով Ռուսաստանին), Փաշինեան պարզաբանած է, թէ այդ ա՛լ աւելի ակնյայտ կը դառնայ, երբ իր եւ իր ընտանիքին մասին զանազան անհիմն լուրեր կը տարածուին։ Ան նշած է, որ այս հարցով կը գործակցին Եւրոպական Միութեան եւ այն բոլոր գործընկերներուն հետ, որոնք ունին ապատեղեկատւութեան եւ խառնաձեւ պատերազմի դէմ պայքարելու գործիքակազմ։
Ընդդիմութեան հակազդեցութիւնը. «Եթէ զիս չընտրէք՝ պատերազմ կ՚ըլլայ»
Վարչապետին այս յայտարարութիւնները անմիջապէս դարձան լայն քննարկման եւ քաղաքական սուր շահարկումներու նիւթ։ Ընդդիմադիր դաշտն ու անոր մամուլը այս խօսքերը մեկնաբանեցին բացայայտ սպառնալիք՝ ուղղուած ընտրողներուն։
Ընդդիմութեան գործիչներն ու քաղաքական վերլուծաբանները կը շեշտեն, որ Փաշինեանի ուղերձը կը միտի երկրին մէջ վախի եւ խուճապի մթնոլորտ սերմանելու նախընտրական այս զգայուն շրջանին։ Անոնց մեկնաբանութեամբ, վարչապետին խօսքին տողատակը պարզ է եւ գործնականօրէն կը նշանակէ. «Եթէ զիս չընտրէք՝ նոր պատերազմ պիտի ըլլայ»։ Ընդդիմադիր մամուլը կ՚ընդգծէ նաեւ, որ սա իշխանութիւնը պահելու յուսահատ քայլ մըն է, ուր նոր պատերազմի մը հաւանական վտանգը կ՚օգտագործուի որպէս գլխաւոր զէնք՝ ժողովուրդը ահաբեկելու եւ այլընտրանքային քաղաքական ուժերու նկատմամբ հանրային վստահութիւնը խարխլելու համար։
