Իսրայէլի բանակը հարուածած է Սուրիոյ կառավարական թիրախները
Իսրայէլի բանակը յայտարարած է, թէ Մարտ 19-էն 20-ի գիշերը հարուածներ հասցուցած է Սուրիոյ կառավարական թիրախներուն՝ երկրի հարաւը ծայր առած նոր բռնութիւններուն լոյսին տակ։
Ըստ իսրայէլեան զինեալ ուժերու տուեալներուն, այս յարձակումներուն ձեռնարկած են երբ տեղեկութիւններ ստացած են Սուէյտա քաղաքին մէջ տիւրզի խաղաղ բնակչութեան դէմ գործուած յարձակումներու մասին։
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ գործող «Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարան»-ը կը հաղորդէ, որ վերստին բախումներ սկսած են տիւրզի փոքրամասնութեան ներկայացուցիչներուն եւ սիւննի խմբաւորումներուն միջեւ, որոնք ըստ որոշ աղբիւրներու, կը վայելեն Սուրիոյ կառավարութեան աջակցութիւնը։
Տարածաշրջանին մէջ նախապէս ալ արձանագրուած էին նման դէպքեր։ 2025 Յուլիսին, Սուէյտայի մէջ ծանր բախումներ տեղի ունեցած էին տիւրզի մարտիկներու եւ սիւննի խմբաւորումներու միջեւ։ Այն ատեն, Դամասկոսի կառավարութիւնը անվտանգութեան ուժեր տեղակայած էր՝ յայտարարելով, թէ նպատակ ունի վերահաստատել կարգուկանոնը։ Սակայն մարդկային իրաւանց պաշտպան զանազան կազմակերպութիւններ կառավարական զօրքերը մեղադրած էին տիւրզի բնակչութեան նկատմամբ բռնութիւններ գործելու յանցանքով։
Դիտարանը նաեւ յայտնած էր, որ կառավարական ուժերն ու անոնց դաշնակիցները մահապատիժի ենթարկած են տիւրզի համայնքի կարգ մը ներկայացուցիչներ։ Այդ ժամանակ Իսրայէլ նոյնպէս հարուածած էր Սուրիան՝ պատճառաբանելով, թէ կը գործէ տիւրզի բնակչութիւնը պաշտպանելու նպատակով։ Թէեւ Յուլիս 20-էն ի վեր պաշտօնապէս հրադադար հաստատուած էր, սակայն, ըստ դէտերուն, վերջերս ան դարձեալ խախտուած է։
Իսրայէլ կը շարունակէ յայտարարել, որ պիտի պաշտպանէ տիւրզիները։ Թել Ավիվ տիւրզի համայնքը կը նկատէ դաշնակից եւ Իսրայէլի բազմաթիւ տիւրզի քաղաքացիներ կամաւորապէս կը ծառայեն բանակին մէջ։
Մարտ 20-ին, Սուրիոյ նախագահը յայտարարած է, թէ կը փորձէ իր երկիրը հեռու պահել հակամարտութիւններէն։ Ահմէտ ալ-Շարաան միաժամանակ ընդգծած է, որ իր կառավարութիւնը լաւ յարաբերութիւններ կը պահպանէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն հետ։
