Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները անցեալ շաբաթ այցելած են Ազերպայճանի մէջ պահուող բոլոր հայ գերիներուն։ Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է Հայաստանի մէջ ԿԽՄԿ-ի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան պատասխանատու Զառա Ամատունի։

Ան նշած է, որ այցելու խումբի կազմին մէջ՝ պատուիրակներուն կողքին ընդգրկուած էր նաեւ բժիշկ մը։

“Ընթացակարգերուն համաձայն, կազմակերպութեան այցելութեան ընթացքին, ինչպէս նախապէս՝ այնպէս ալ այս անգամ, բնականաբար ուշադրութեան կեդրոնը եղած են առողջապահական հարցերը, ինչպէս նաեւ ձերբակալուած անձերուն նկատմամբ վերաբերումն ու պահման պայմանները”,– ըսած է Ամատունի։

Ընտանիքներուն կողմէ ծրարներ չեն փոխանցուած. այցելութիւնը սահմանափակուած է կազմակերպութեան առանձնազրոյցներով եւ ընդհանուր գնահատականով։

Յայտնենք, որ Պաքուի պահանջով Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն դադրեցուցած էր իր գործունէութիւնը Ազերպայճանի մէջ։ Զառա Ամատունի մանրամասնած է, թէ այս այցելութիւնը կազմակերպուած է ԿԽՄԿ-ի Ժընեւի գլխաւոր գրասենեակին կողմէ, ինչպէս նաեւ «արդիւնքն է մեր եւ Ազերպայճանի իշխանութիւններուն միջեւ երկխօսութեան»։

“Մենք պատրաստակամ ենք եւ բաց՝ շարունակելու մեր ջանքերը այս ուղղութեամբ”,– աւելցուցած է ան։

Պաշտօնական տուեալներով՝ Պաքուի մէջ 23 հայ գերի կը պահուի։ Անոնք ամիսներէ ի վեր յայտնուած են ամբողջական մեկուսացման մէջ։

Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ հաղորդուեցաւ, որ Պաքուի բանտին մէջ պահուող հայ գերիներէն 70-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեան փոխադրուած է հիւանդանոց։ Ըստ ազերպայճանական աղբիւրներուն՝ անոր ինքնազգացողութիւնը կտրուկ վատթարացած է, ան ունեցած է շնչարգելութիւն եւ սրտի ցաւեր։

Միւս կողմէ, Ազերպաճանի Գանձակ (Կեանճա) քաղաքի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը Դեկտեմբեր 25-ին, ընդամէնը քանի մը օր տեւած դատավարութենէ ետք, 8 ծանր յօդուածներով մեղադրուող 58-ամեայ Կարէն Ավանէսեանը դատապարտած էր 16 տարի բանտարկութեան։