Ըստ թրքական մամուլին՝ ընթացքի մէջ են Մարգարայի անցակէտի բացման նախապատրաստական աշխատանքները

Թրքա­կան թեր­թե­րը կը գրեն, որ եր­կի­րը նա­խապատ­րաստա­կան աշ­խա­տանքներ կը տա­նի Մար­գա­րայի սահ­մա­նային ան­ցա­կէտի բաց­ման ուղղու­թեամբ։

Վեր­ջերս Հա­յաս­տան աւար­տած էր ան­ցա­կէտի իր կող­մի աշ­խա­տանք­նե­րը՝ նոր ճամ­բա­ներով, են­թակա­ռոյցնե­րու բա­րե­լաւ­մամբ եւ հսկիչ կէտե­րով, իսկ այժմ Թուր­քիա եւս կը կա­տարէ նոյ­նը։

Տե­ղական մա­մու­լը կը հա­ղոր­դէ, որ տա­րած­քին մէջ կ՚ըն­թա­նան են­թա­կա­ռոյցներու նո­րոգ­ման եւ շի­նարա­րական աշ­խա­տանք­ներ։

Թեր­թե­րը կը գրեն նա­եւ, որ Մար­գա­րայի ան­ցա­կէտը կը նա­խատե­սուի բա­նալ նախ բեռ­նա­փոխադ­րումնե­րու, աւե­լի ուշ՝ ճամ­բորդնե­րու փո­խադ­րութեան համար։ ■