Միջին Արեւելքի պատերազմին հայազգի առաջին զոհը

Առաջին հայ զոհը

Իրանի դէմ շարունակուող ամերիկա-իսրայէլեան օդային հարուածներուն հետեւանքով արձանագրուած է հայազգի առաջին զոհը։ 

Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեանի հաղորդած տեղեկութեանց համաձայն՝ Մարտ 26-ի ծանր ռմբակոծութիւններուն ընթացքին իր աշխատասենեակին մէջ զոհ գացած է Սպահանի պատմական Նոր Ջուղա թաղամասի բնակիչ Յովհաննէս Սիմոնեանը։ Ըստ խմբագիրին՝ ան Իրանի քաղաքացի էր, սակայն անոր տարիքին եւ մասնագիտութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ տակաւին յայտնի չեն։ Իրանեան իշխանութիւններուն եւ«Ֆարս» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ մայրաքաղաք Թեհրանէն հարաւ գտնուող Սպահանի բնակելի մէկ թաղամասին ուղղուած յարձակումին պատճառով սպանուած է 26 խաղաղ բնակիչ, որոնց մէջ եօթը կին եւ եօթը երեխայ։

Այս փուլին տակաւին դժուար է յստակացնել, թէ արդեօք Նոր Ջուղայի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, ներառեալ՝ Սուրբ Ամենափրկիչ վանքը, միւս եկեղեցիները, հին վարժարաններու շէնքերը, առաջնորդարանը, գրադարանն ու Մատենադարանը որեւէ վնաս կրա՞ծ են, թէեւ ցարդ այս պատմական վայրերուն տուժած ըլլալուն մասին որեւէ լուր չէ ստացուած։ Յիշեցնենք, որ Սպահանի Նոր Ջուղա թաղամասը Հայաստանէն դուրս գտնուող ամէնէն հին հայկական համայնքներէն մէկն է, որ հիմնուած է 17-րդ դարու սկիզբը, երբ Շահ Ապպաս Ա.՝ Նախիջեւանի Ջուղայէն 150 հազար հայեր բռնի կերպով տեղահանեց եւ հաստատեց հոն։