Նոր զինատեսակներու ցուցադրութիւն
Ընդդիմութիւնը զայն կ՚որակէ «քաղաքական թատերգութիւն»
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ Մայիս 28-ին՝ Հանրապետութեան տօնին առիթով, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հանրութեան պիտի ներկայացուին գործընկերներէ ձեռք բերուած, ինչպէս նաեւ տեղական արտադրութեան ռազմական արհեստագիտութիւնն ու զինամթերքը։ Ան յատկապէս շեշտած է, որ այս միջոցառումը ո՛չ թէ ռազմական շքերթ է, այլ առաւելաբար՝ «հաշուետւութիւն Հայաստանի քաղաքացիներուն»՝ ռազմական արհեստագիտութեան մարզին մէջ արձանագրուած յառաջընթացին մասին։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Փաշինեան ընդգծած է, որ ռազմական շքերթը չափազանց նուրբ երեւոյթ է, որ կրնայ խաղաղութեան օրակարգէն շեղելու կամ անկէ հրաժարելու տպաւորութիւն ստեղծել։ Անոր համաձայն՝ կառավարութիւնը կ՚աշխատի միջազգային գործընկերներուն եւ տարածաշրջանի երկիրներուն հետ, որպէսզի այս ցուցադրութիւնը չմեկնաբանուի որպէս նահանջ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերէն՝ յատկապէս Արցախի շուրջ երեք տասնամեակ տեւած հակամարտութիւնը պաշտօնապէս աւարտելու նպատակով Ազերպայճանի հետ ընթացող բանակցութիւններու լոյսին տակ։
Բացատրելով նման լայնածաւալ ցուցադրութեան մը անհրաժեշտութիւնը՝ վարչապետը յիշեցուցած է, որ նախապէս խոստացած էր զինատեսակները ներկայացնել քաղաքացիներու փոքր խումբերու։ Սակայն դիմումներու հսկայական քանակն ու զէնքերու մասին տարածուող «մասամբ խեղաթիւրուած» տեղեկութիւնները դրդած են կառավարութիւնը վերանայելու այդ մօտեցումը։ “Ահա թէ ինչու աւելի լաւ է զայն ցուցադրել։ Կը կարծեմ, որ այս ռազմական զինամթերքի ցուցադրութիւնը բաւական տպաւորիչ տեսարան պիտի ըլլայ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար”,– նշած է ան։
Յիշեցնենք, որ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ծանր զինամթերքով վերջին մեծ ռազմական շքերթը կայացած էր 2016-ին՝ անկախութեան 25-ամեակին առիթով։ 2020-ի պատերազմի պարտութենէն եւ ռուսական ռազմական դաշինքին մէջ իր մասնակցութիւնը փաստացիօրէն սառեցնելէն ի վեր, Հայաստանի պաշտպանական քաղաքականութիւնը էական փոփոխութիւններ կրած է։ Երկիրը սկսած է բազմազանացնել իր անվտանգութեան աղբիւրները՝ հիմնականին մէջ զինամթերք գնելով Հնդկաստանէն եւ Ֆրանսայէն։ Ըստ հաղորդումներու՝ 2022-էն ի վեր Հայաստան ձեռք բերած է արդիական պաշտպանական համակարգեր, հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներ, ռատարներ, հրթիռարձակներ, հրետանի, հակահրասայլային զէնքեր, զրահապատ կառքեր, ինչպէս նաեւ հակաանօդաչու եւ գիշերային տեսանելիութեան սարքեր։
Այս ծիրէն ներս, Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան խորհրդարանին մէջ յայտարարած է, որ 2022-էն 2025 թուականներուն զէնքի գնման համար ծախսուած գումարը աւելի քան հինգ անգամ կը գերազանցէ 1998-էն 2018 թուականներու ամբողջ ժամանակահատուածին կատարուած ծախսերը։
Միւս կողմէ, այս ցուցադրութեան թուականը յատկանշական է, քանի որ ան տեղի պիտի ունենայ ընդամէնը տասը օր առաջ Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն, ուր Փաշինեանն ու իր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը կը պայքարին վերընտրուելու համար։ Ընդդիմադիր խմբաւորումները քննադատած են այս նախաձեռնութիւնը՝ զայն որակելով «քաղաքական թատերգութիւն» եւ նախընտրական քայլ, որ կը միտի հանրային կարծիքին վրայ ազդելու. մեկնաբանութիւն մը, զոր կառավարութիւնը կը մերժէ։
