«Gecko Robotics»-ը պիտի գործակցի ԱՄՆ-ու Ծովուժին հետ
Հայազգի գործարարին հիմնադրած ընկերութիւնը 71 միլիոն տոլարի համաձայնագիր կնքած է
Հայազգի գործարար Ճէյք Լուսարարեանի համահիմնադրած եւ ղեկավարած արհեստական բանականութեան եւ ռոպոթաշինութեան «Gecko Robotics» ընկերութիւնը յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Ծովուժին եւ Ընդհանուր ծառայութիւններու վարչութեան հետ կնքուած նոր հսկայական համաձայնագրի մը մասին։ Հնգամեայ այս պայմանագիրը,– որուն արժէքը կրնայ հասնիլ մինչեւ 71 միլիոն տոլարի,– կը նախատեսէ արհեստական բանականութեան եւ ռոպոթներու կիրարկումով գնահատել եւ սպասարկել ռազմական կառոյցներն ու միջոցները։
Փիթսպուրկի մէջ հաստատուած ընկերութիւնը նախ պիտի սկսի աշխատիլ ամերիկեան Խաղաղովկիանոսեան նաւատորմի 18 նաւերուն վրայ՝ հնգամեայ ծրագրով մը՝ մինչեւ 54 միլիոն տոլար արժողութեամբ։ Ըստ «Gecko»-ի՝ այս նախաձեռնութիւնը կը միտի օգնելու Ծովուժին՝ նուազեցնելու սպասարկման եւ նորոգութեան յապաղումները, որպէսզի մինչեւ 2027 թուականը նաւատորմի մարտական պատրաստութիւնը հասնի Ռազմածովային գործողութիւններու ղեկավարին սահմանած 80 %-ի թիրախին։
Ընկերութեան ստեղծած արհեստական բանականութեամբ օժտուած ռոպոթներն ու ծրագրաշարերը (software) կ՚օգնեն կազմակերպութիւններուն՝ ստուգելու, սպասարկելու եւ արդիականացնելու կենսական ենթակառոյցները։ Այս ռոպոթները կրնան մագլցիլ, սողալ, թռչիլ եւ լողալ՝ հսկայական ծաւալով տուեալներ հաւաքելով ռազմանաւերէն ու օդանաւերէն մինչեւ ելեկտրակայաններ եւ ուժանիւթի հաստատութիւններ:
«Gecko»-ի արհեստագիտութիւնը արդէն իսկ կը կիրարկուի պաշտպանական, ուժանիւթի եւ արտադրական մարզերուն մէջ, ուր արժէքաւոր կառոյցներու վիճակին մասին արագ եւ ճշգրիտ տուեալները կ՚ապահովեն ժամանակո ու ծախսերու խնայողութիւն, ինչպէս նաեւ կը բարելաւեն անվտանգութիւնը։ Այս նոր ծրագրին ծիրէն ներս, համակարգերը պիտի տեղակայուին ականակիրներու (destroyers), երկկենցաղ ռազմանաւերու (navires d’assaut amphibie) եւ ծովափնեայ մարտական նաւերու վրայ՝ նորոգութեան կարիքները աւելի արագ յայտնաբերելու նպատակով։
Այս պայմանագիրը նոր մեծ նուաճում մըն է «Gecko» ընկերութեան համար, զոր Լուսարարեանն ու իր գործընկերը՝ Թրոյ Տեմմըր հիմնադրած էին 2013-ին՝ իրենց համալսարանական հանրակացարանի սենեակին մէջ։
Յիշեցնենք, որ 2025 Յունիսին «Gecko»-ն ապահոված էր 125 միլիոն տոլարի նոր գանձատրում մը, որուն շնորհիւ ընկերութեան շուկայական ընդհանուր արժէքը կրկնապատկուելով հասած էր 1,25 միլիառ տոլարի։ Այս հսկայական ներդրումին գլխաւոր մասնակիցն էր «Cox Enterprises» ընկերութիւնը, որուն կողքին իրենց աջակցութիւնը շարունակած էին նաեւ «Gecko»-ի նախկին ներդրողները՝ ներառեալ «USIT»-ը, «XN»-ը, «Founders Fund»-ն ու «Y Combinator»-ը։ Ընկերութեան համաձայն՝ միայն այդ ժամանակահատուածին իրենց ապահոված ներդրումներուն ընդհանուր գումարը արդէն հասած էր 347 միլիոն տոլարի:
