ՀՀԿ-ն որոշած է ուղղակի չմասնակցիլ ընտրութիւններուն

ՀՀԿ

Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) որոշած է ուղղակի չմասնակցիլ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ըստ կուսակցութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ Ապրիլ 1-ին տեղի ունեցած է ՀՀԿ Գործադիր մարմինի նիստը, որուն ընթացքին որոշուած է անմիջականօրէն չմասնակցիլ Յունիս 7-ին կայանալիք ընտրութիւններուն։ Որոշման հիմնաւորումները եւ կուսակցութեան հետագայ քայլերը ՀՀԿ-ն պիտի ներկայացնէ Ապրիլ 4-ին կայանալիք կուսակցութեան 18-րդ համագումարին ընթացքին։