ՄԱԿ – Ընդունուած է Հայաստանի ներկայացուցած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւը
ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդը ընդունած է Հայաստանի ներկայացուցած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւը
Մարտ 30-ին, ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի 61-րդ նստաշրջանին, միաձայնութեամբ ընդունուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւը։
Ինչպէս յայտնած է Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, երկամեայ դրութեամբ ներկայացուող բանաձեւը կը հիմնուի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» ուխտին վրայ եւ էական դերակատարութիւն ունի այդ կարեւոր փաստաթուղթի տրամադրութիւնները ՄԱԿ-ի քաղաքականութեան գործառական դաշտ փոխադրելու մէջ։
Բանաձեւը նպատակ ունի խթանելու ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցին մէջ կանուխ ազդարարման գաղափարախօսութիւնը, սահմանել վտանգի ազդակներու շրջանակը, ներառեալ՝ ատելութիւնը, խտրականութիւնն ու անպատժելիութիւնը: Բանաձեւին մէջ կ՚ընդգծուի նաեւ ժամանակին արձագանգելու կարեւորութիւնը, ինչ որ կրնայ էականօրէն նպաստել բռնութեան աճի կանխարգիլման։
Բանաձեւը, ցեղասպանութեան կանխարգիլման խնդիրը միջազգային օրակարգ բերելով, անգամ մը եւս կ՚ընդգծէ նիւթին կարեւորութիւնը ներկայի դիւանագիտական առաջնահերթութիւններու շարքին։ Ան կը նպաստէ միջազգային արդարադատութեան գործիքակազմերու ամրապնդման եւ կ՚ընդգրկէ այն միջազգային զարգացումներն ու մարտահրաւէրները, որոնք տուեալ ժամանակահատուածին աւելի՛ մեծ ուշադրութեան կարիք ունին։
Այս տարի ներկայացուած բանաձեւը կ’առաջարկէ «ՄԱԿ 80» բարեփոխման գործընթացի ծիրին մէջ ամրապնդել ցեղասպանութեան կանխարգիլման լիազօրութիւնը եւ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն վտանգին վրայ, որ ալկորիթմային (օգտատէրերու հետաքրքրութեան ոլորտներու պեղումի) համակարգերն ու արհեստական բանականութեան գործիքները կրնան նպաստել ապատեղեկատւութեան եւ ատելութեան տարածման՝ ազդելով տեղեկատուական հոսքերուն վրայ եւ խաթարելով մարդկային իրաւունքները:
«Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւը կարեւոր ներդրում կ՚ունենայ նաեւ Ցեղասպանութեան դէմ ուխտի համընդհանուր վաւերացման գործընթացի խթանման մէջ՝ քաջալերելով ուխտին տակաւին չմիացած պետութիւնները անյապաղ միանալու անոր։
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս, Հայաստանի կողմէ ներկայացուած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւը կը վայելէ տարածաշրջանային բոլոր խումբերը ներկայացնող ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու լայն աջակցութիւնը, որուն մասին կը վկայէ համահեղինակներու մեծ թիւը, որ արդէն իսկ ընդունման պահուն կը հասնէր վեց տասնեակի։
Բանաձեւը վերստին կը վերահաստատէ Հայաստանի կոչը՝ ուղղուած միջազգային հանրութեան եւ ամբողջ աշխարհին, համախմբուելու՝ կանխարգիլելու համար ցեղասպանութեան արհաւիրքը:
Նախապէս, Հայաստանի կողմէ ներկայացուած համանուն բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունուած էր 2024 Ապրիլ 3-ին՝ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի 55-րդ նստաշրջանին:
