Փաշինեան-Փութին հանդիպումը Մոսկուայի մէջ 

Փաշ-Փութին

Ճնշումներ, բողոքի ցոյցեր եւ բարդ օրակարգ

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն երկու ամիս առաջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով մեկնած է Ռուսաստան, ուր հանդիպում ունեցած է նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ կայացած այս բանակցութիւններուն պաշտօնական օրակարգը ընդգրկած է հայ-ռուսական ռազմավարական գործակցութիւնը, եւրասիական տարածաշրջանի համարկումը եւ Հարաւային Կովկասի տնտեսական ու փոխադրամիջոցային կապերու զարգացումը: Վարչապետին կ՚ուղեկցէին փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանը:

Այցին ընդառաջ՝ բողոքի ցոյցեր եւ մեղադրանքներ

Այցը, սակայն, հարթ չէ սկսած. Մոսկուայի մէջ ՀՀ դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած են բողոքի ցոյցեր: Հաւաքուած քաղաքացիներն ու հոգեւորականները իրենց վրդովումը յայտնած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ հնչած վերջին մեղադրանքներուն գծով, երբ իշխանամէտ աղբիւրներ պնդած էին, թէ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, ներառեալ՝ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանը, ժամանակին համագործակցած են խորհրդային «KGB»-ին հետ: Աւելին, մոսկովեան պանդոկներէն մէկուն մէջ քաղաքացի մը մօտեցած է վարչապետին՝ խնդրելով նկարուիլ իր երեխային հետ, «որպէսզի ան հետագային ճանչնայ Արցախը յանձնողները»։

Ներքաղաքական ճնշումներ եւ աշխարհաքաղաքական ընտրութիւն

Փութին-Փաշինեան հանդիպման ընթացքին ներքաղաքական ու աշխարհաքաղաքական հարցերու շուրջ լուրջ տարակարծութիւններ արձանագրուած են։ Փութին ճնշում բանեցուցած է Փաշինեանի վրայ, որ ընդլայնուի ռուսամէտ քաղաքական ուժերու մասնակցութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Ան յատկապէս ակնարկած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ եւ նախագահ, ներկայիս տնային կալանքի տակ գտնուող ռուսահայ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանին: Փութին նշած է, որ Ռուսաստանի մէջ աւելի քան 2 միլիոն հայ կ՚ապրի, եւ Մոսկուան կը փափաքի ռուսական անցագիր ունեցող անձերը եւս տեսնել քաղաքական գործընթացներուն մէջ:

Ի պատասխան՝ Փաշինեան յիշած է Սահմանադրութիւնը, ըստ որուն միայն բացառապէս Հայաստանի  քաղաքացիութիւն ունեցողները կրնան առաջադրուիլ, միաժամանակ խստիւ հերքելով Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու գոյութիւնը: Այս խօսակցութիւնը կը յաջորդէ Փաշինեանի այն վերջին յայտարարութեան, թէ ընդդիմադիր ուժերը կը գործեն արտաքին ցուցումներով՝ Ռուսաստանի եւ Պելառուսի մէջ իրենց ունեցուածքը պահպանելու նպատակով: Խօսելով աշխարհաքաղաքական կողմնորոշման մասին՝ Փութին նաեւ զգուշացուցած է, որ անկարելի է միաժամանակ համարկուիլ թէ՛ ԵԱՏՄ-ին թէ՛ ալ Եւրոպական Միութեան, որուն Փաշինեան արձագանգած է, թէ վերջնական որոշումը պիտի ձգէ ընտրողներուն հայեցողութեան:

ՀԱՊԿ-ի կրաւորականութիւնը եւ Արցախեան հարցը

Անդրադառնալով անվտանգային խնդիրներուն՝ Փաշինեան Փութինին յայտնած է, որ Հայաստան ի վիճակի չէ իր քաղաքացիներուն բացատրելու, թէ ինչո՛ւ ՀԱՊԿ-ն չարձագանգեց 2022 Սեպտեմբերին Ազերպայճանի յարձակումին. Այդ պատճառով ալ Երեւանի անդամակցութիւնը կառոյցին՝ փաստացի սառեցուած է:

Ասոր ի պատասխան՝ Փութին հակադարձած է, որ 2022-ին Փրակայի մէջ Հայաստանի՝ Լեռնային Ղարաբաղը որպէս Ազերպայճանի մաս ճանչնալէն ետք, հարցը վերածուած է Ազերպայճանի ներքին խնդրին, ինչ որ սահմանափակած է ՀԱՊԿ-ի միջամտութեան հնարաւորութիւնները: Սակայն Փաշինեան ուշագրաւ յիշեցումով մը հանդէս եկած է՝ ընդգծելով, որ Երեւան այդ քայլին դիմած է միայն Մոսկուայի յայտարարութիւններէն ետք. “Այո՛, մենք ճանչցանք Ղարաբաղը Ազերպայճանի կազմին մէջ: Բայց մենք այդ ըրինք միայն երբ Ռուսաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը երկու անգամ հրապարակաւ խօսեցաւ այդ մասին”,– շեշտած է ան։

Այս ծիրէն ներս, վարչապետը վերահաստատած է նաեւ իր այն տեսակէտը, թէ Արցախեան շարժումը պէտք չէ շարունակուի, քանի որ կողմերը արդէն խաղաղութիւն հաստատած են եւ ճանչցած՝ մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնը 1991-ի Ալմա-Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ: “Սա կը նշանակէ, որ մենք կ՚ընդունինք, թէ անկախ Հայաստանը հարիւր տոկոսով նոյնն է ինչ Խորհրդային Հայաստանը, իսկ անկախ Ազերպայճանը՝ նոյնն է ինչ Խորհրդային Ազերպայճանը”,– նշած է Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ ճիշդ այս մօտեցումն է տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հիմքը:

Երկաթուղիին ճակատագիրը. Մոսկուա կը մերժէ բանակցիլ

Մոսկուա-Երեւան օրակարգին ամենացաւոտ ու լարուած կէտերէն մէկը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի երկաթուղիին ճակատագիրը, որ կը գտնուի ռուսական կառավարման տակ: Հակառակ անոր, որ Փաշինեան նախապէս յայտարարած էր, թէ այս կացութեամբ Հայաստան կը կորսնցնէ իր ռազմավարական առաւելութիւնը եւ առաջարկած էր զիջման (concession) իրաւունքը վաճառել երրորդ պետութեան մը (օրինակ՝ Ղազախստանին), Մոսկուան կտրականապէս կը մերժէ այս տարբերակը:

Փաշինեանի Մոսկուա այցէն անմիջապէս առաջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան յայտարարած է, որ իր երկիրը որեւէ բանակցութիւն չի վարեր ո՛չ Ասթանայի, ո՛չ ալ Երեւանի հետ այս իրաւունքի փոխանցման շուրջ: Ան յիշեցուցած է, որ 2008-ին կնքուած պայմանագիրը 30 տարուան կեանք ունի, եւ ռուսական կողմը մինչեւ օրս աւելի քան 30 միլիառ ռուբլիի ներդրում կատարած է: 

Նախապէս, Հայաստանի վերոնշեալ միտումէն խիստ դժգոհ որոշ ռուս պաշտօնատարներ խստիւ զգուշացուցած էին, որ կառավարման փոփոխութիւնը կրնայ յանգեցնել համակարգի «մէկ գիշերուան մէջ փլուզման»: Այս կոշտ արձագանգներէն ետք, Փաշինեան որոշ չափով մեղմացուցած էր իր դիրքորոշումը՝ յոյս յայտնելով հարցը լուծել գործընկերային մթնոլորտի մէջ եւ խուսափիլ սուր հակամարտութենէ:

Փաշինեան. «Հայաստան Ռուսաստանի հետ կը քննարկէ նոր հիւլէակայանի կառուցման հարցը»

Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին Փաշինեան նաեւ նշած է, որ ուժանիւթի մարզին մէջ հայ-ռուսական համագործակցութիւնը կը շարունակէ մնալ կարեւոր եւ աւանդական ուղղութիւններէն մէկը: “Մենք կը համագործակցինք ուժանիւթի մարզէն ներս եւ հոս ունինք շատ աւանդական, ամուր կապեր ու գործակցութիւն”,– ըսած է Հայաստանի վարչապետը: Ըստ անոր՝ ներկայիս աշխուժ աշխատանք կը տարուի նաեւ նոր արհեստագիտութիւններու, յատկապէս՝ վերականգնուող ուժանիւթի ուղղութեամբ:

Փաշինեան առանձնապէս անդրադարձած է նոր հիւլէակայանի կառուցման նիւթին. “Դուք գիտէք, որ մենք Ռուսաստանի հետ կը քննարկենք նաեւ նոր հիւլէակայանի կառուցման հարցը”,– նշած է ան:

Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետը շեշտած է, որ այս հարցին մէջ Հայաստան կը գործէ բաց եւ բազմակողմանի ձեւաչափով. “Մենք բացարձակապէս թափանցիկ ենք, որովհետեւ չենք թաքցներ, որ այդ հարցերը կը քննարկենք ոչ միայն ռուս, այլեւ ուրիշ գործընկերներու հետ, քանի որ կը փնտռենք Հայաստանի Հանրապետութեան համար ամենաշահաւէտ առաջարկը”,– եզրափակած է Փաշինեան։

***

Ստորեւ այս հանդիպումէն քանի մը այլ ուշագրաւ կէտեր.

– Փաշինեան. “Ռուսաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները շատ խորունկ են եւ շատ կարեւոր՝ մեզի համար”

– Փութին. “Ռուսաստանի եւ Հայաստանի տնտեսական յարաբերութիւնները կը զարգանան լաւ թափով”

– Փութին յոյս ունի, որ Հայաստանի ընտրութիւնները պիտի չխանգարեն Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները

– Ռուսաստանի նախագահը յայտարարած է, որ Հայաստանի վարչապետին եւ Ազերպայճանի նախագահին ջանքերով կարելի դարձած է յարաբերութիւններու կայունացումը

– Փաշինեան. “ԵԱՏՄ-ի եւ ԵՄ-ի համագործակցութեան օրակարգերը այս պահուս համատեղելի են”։