Հայաստանն ու Երեւանը՝ աշխարհի ամէնէն ապականած օդունեցողներու շարքին

Ապականութիւն

Ըստ IQAir-ի 8-րդ տարեկան համաշխարհային զեկոյցին՝ Հայաստանը եւ անոր մայրաքաղաք Երեւանը կը դասուին աշխարհի ամենագէշ օդի որակ ունեցողներու ցանկին վրայ։ Հայաստանը կը գրաւէ 25-րդ տեղը աշխարհի ամէնէն ապականած օդ ունեցող երկիրներու շարքին, իսկ Երեւանը 24-րդն է մայրաքաղաքներու ցանկին մէջ։ Ուսումնասիրուած 143 երկիրներէն միայն 13-ը, իսկ 9.446 քաղաքներուն միայն 14%-ը կը լրացնեն Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (OMS) մաքուր օդի չափանիշերը, մինչդեռ աշխարհի ամէնէն ապականած օդ ունեցող հինգ երկիրներն են Փաքիստանը, Պանկլատէշը, Տաճիկստանը, Չատը եւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնը։

Տարածաշրջանային համեմատութեան մէջ Հայաստանի եւ Երեւանի ցուցանիշերը զգալիօրէն կը զիջին բոլոր դրացի պետութիւններուն, բացառութեամբ Իրանի։ Թուրքիան (39-րդ), Վրաստանը (56-րդ) եւ Ազերպայճանը (59-րդ) կը գտնուին շատ աւելի լաւ դիրքերու վրայ։ Նոյն պատկերն է նաեւ մայրաքաղաքներու պարագային, ուր Երեւանի օդը շատ աւելի ապականած է, քան Թիֆլիսինը (47-րդ), Պաքուինը (51-րդ) եւ Անգարայինը (80-րդ)։ Այս տուեալները ոչ միայն ցոյց կու տան համաշխարհային մակարդակով օդի ապականութեան վատթարացող հակումը, այլեւ կ՚ընդգծեն Հայաստանի դիմագրաւած բնապահական լուրջ մարտահրաւէրները։