Ընկերային ցանցեր երեխաներու մուտքը սահմանափակելու հարցը
Հայաստանի մէջ, քանի մը գերատեսչութիւններու ներգրաւմամբ, կ՚ուսումնասիրուի մինչեւ 16 տարեկան երեխաներու՝ ընկերային ցանցեր մուտքը սահմանափակելու հարցը։
«Արմէնփրէս»-ի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան պետ Թամարա Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ հարցը կը քննարկուի ԿԳՄՄ, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, ինչպէս նաեւ Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութիւններուն կողմէ։
“Ներկայիս հետազօտութիւն կը կատարուի պարզելու համար բոլոր վտանգները, խնդիրներն ու լուծումները։ Այդ ամբողջական պատկերը ունենալէ ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ հասկնալ, թէ ի՛նչ կարգաւորումներ պէտք են, եւ ինչպէ՛ս անոնք կրնան ճշգրիտ ու թիրախային կերպով կիրարկուիլ։ Ըստ այնմ ալ պիտի հասկնանք, թէ ո՛ր կայքերը պէտք է սահմանափակուին։ Նիւթը զգայուն է, հարցադրումներն ու շերտերը բաւական շատ են։ Մեր կողմէ հարցեր բարձրացուած են, թէ որքանով կարելի պիտի ըլլայ ճշդել՝ արդեօք ո՞ր սարքաւորումը կը գործածուի երեխայի մը կողմէ։ Այդ մէկը կարեւոր է, որպէսզի վստահ ըլլանք, թէ լաւ կը վերահսկենք այդ որոշումին գործադրութիւնը”,– ըսած է Թամարա Սարգսեան։
Նախարարութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ այս մարզին մէջ խնդիրներ կան, եւ հարցերը կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը ակնյայտ է։ Երեխաներու թուային պաշտպանութիւնը առաջնահերթութիւն է, եւ պետութիւնը պէտք է վստահ ըլլայ, որ թուային միջավայրի մէջ երեխաները պաշտպանելու համար բաւարար գործիքներ ու կարգաւորումներ ստեղծած է։
