Հրապարակուած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագրին նախագիծը
Վարչապետ Փաշինեան հրապարակած է Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան նախընտրական ծրագրին նախագիծը։
Վարչապետին «Դիմագիրք»-ի էջին վրայ հրապարակուած նախագիծին մէջ ընդգծուած է, որ ՔՊ-ի նախընտրական ծրագրին գաղափարախօսական հիմքը «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութիւնն է եւ երկրի տնտեսական ու հաստատութենական վերափոխման հայեցակարգը։
Նախագիծի նախաբանին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի եւ տարածաշրջանին համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան բանալը կը շարունակէ մնալ այն մեծագոյն առաքելութիւնը, որ Կառավարութիւնը ստանձնած էր ժողովուրդին առջեւ՝ 2021-ի արտակարգ ընտրութիւններուն։
Որպէս Հայաստանի վարչապետ, կուսակցութեան վարչութեան նախագահ եւ վարչապետի թեկնածու՝ Նիկոլ Փաշինեան նախաբանին մէջ դիմած է քաղաքացիներուն եւ շեշտած, որ անոնց աջակցութեամբ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը կատարած է իր ստանձնած առաքելութիւնը: Ըստ անոր՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ արդէն խաղաղութիւն հաստատուած է, որով երկրին համար բացուած է խաղաղ զարգացման դարաշրջանը։
«Յունիս 7-ին կայանալիք ընտրութիւններուն ձեզի հետ միասին մենք մէկ խնդիր ունինք լուծելիք. պէտք է տէր կանգնինք խաղաղութեան, որ դեռ նոր է, մանուկ է, տակաւին խոցելի է եւ մեր ամէնօրեայ խնամքին կարիքն ունի»,– նշած է Փաշինեան՝ կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն Յունիս 7-ին երթալ ընտրական տեղամասեր, տէր կանգնիլ խաղաղութեան եւ քուէարկել «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ի նպաստ։
