Արամ Սարգսեան. «Յունիս 7-ին՝ ոչ մէկ ձայն Ռուսաստանի դրածոյ կուսակցութիւններուն»

Արամ Սարգսեան

«Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեան, որ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնը ստանձնած էր 1999-2000 թուականներուն (իր եղբօր՝ վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի սպանութենէն ետք), հանդէս եկած է Մոսկուայի մէջ կայացած Փութին-Փաշինեան վերջին հանդիպումին վերաբերեալ շատ դիպուկ ու տեղին վերլուծումով մը։

Ունենալով պետական կառավարման հարուստ փորձառութիւն եւ մօտէն ծանօթ ըլլալով Ռուսաստանի քաղաքական ընթացակարգերուն՝ Սարգսեան կը բացայայտէ հանդիպումի բաց հատուածին մէջ հնչած խօսքերուն ու սպառնալիքներուն իրական ենթախորքը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք անոր ուշագրաւ անդրադարձը.

«Երէկ (Ապրիլ 1-ին) կայացած Փութին-Փաշինեան հանդիպումի բաց հատուածին մէջ, Ռուսաստանի նախագահը լրագրողներու ներկայութեամբ կշտամբեց ՀՀ վարչապետը՝ նշելով, թէ Հայաստանի մէջ ռուսական անցագիր ունեցող անձ մը քաղաքականութեամբ զբաղելու փորձ կատարելուն համար անազատութեան մէջ կը գտնուի։

Ես ծանօթ եմ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան ընթացակարգերուն, շփումներ ունեցած եմ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ու անհնար կը նկատեմ, որ ան տեղեակ չըլլար, թէ Ռուսաստանի քաղաքացիութեամբ անձը չի կրնար այլ երկրի մէջ վարչապետ դառնալ։ Վստահ եմ, որ հանդիպումին բաց հատուածին մէջ Սամուէլ Կարապետեանի ռուսական անցագիրի առկայութեան շեշտադրումը կայսերական վերաբերումի դրսեւորում էր՝ ծայրագաւառներու մէջ ղեկավար նշանակելու տրամաբանութեամբ։ Այսինքն՝ կարեւոր չեն ձեր ներքին օրէնքներն ու ընթացակարգերը, կարեւորը կայսրին փափաքն է։ Այս է Ռուսաստանի հաւաքական վերաբերումը Հայաստանի նկատմամբ։

Այսօր, երբ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ կը փորձենք դուրս գալ ենթակայի կարգավիճակէն, Ռուսաստանը կրնայ դիմել իրեն բնորոշ կոշտ քայլերու։ Այդ համածիրին մէջ, իմ կարծիքով՝ պատահական չէր, որ Ռուսաստանի նախագահը կը խօսէր կազի սակին, ապրանքներու շրջանառութեան եւ Ռուսաստանի մէջ բնակող հայերու թիւին մասին՝ ակնարկելով, որ այդ գործօնները կրնան փոխուիլ, եթէ Հայաստանի ընտրութիւնները չընթանան իրենց ուզած ձեւով։

Այսօր ալ Ռուսաստանի փոխվարչապետը յայտարարած է, որ եթէ ռուսական ընկերութիւններուն ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ կասկածի տակ դրուի, իրենք ալ կրնան արգիլել Հայաստանի գործարարութեան ներկայութիւնը Ռուսաստանի մէջ։

Վստահ եմ, որ այսպիսի սպառնալիքներով է, որ Սերժ Սարգսեանը մտափոխ ըրած են Սեպտեմբեր 3-ին, այսպէս խլած են հայկական կազատարը մեզմէ, ու այսպէս ալ կը պատրաստուին ապագային վարուիլ Հայաստանի հետ՝ զայն գաղութի վերածելով։ Ակնյայտ էր նաեւ Փութին-Քոչարեան յարաբերութիւններուն մէջ «քիմիայի» փոփոխութիւնը, քանի որ եթէ ունիս ՀՀ վարչապետի պաշտօնին յաւակնող գործընկեր մը, ի՞նչ իմաստ ունի այլ թեկնածուի մը գովազդով զբաղիլ։

Սիրելի՛ ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը քու ձեռքդ է։ Յունիս 7-ին՝ ոչ մէկ ձայն Ռուսաստանի դրածոյ (էմիսար) կուսակցութիւններուն։ Սա այն եզակի կարելիութիւնն է, որ կրնայ պարտադրել ռուսական կայսրութիւնը հաշուի նստելու մեր պետականութեան եւ ձեր կարծիքին հետ. ու թող Աստուած օրհնէ զձեզ եւ Հայաստանը…»։