Սերժ Սարգսեան. «ՀՀԿ-ն չի մասնակցիր ընտրութիւններուն, որպէսզի ա՛լ աւելի չպառակտէ ընդդիմադիր դաշտը»
Հայաստանի երրորդ նախագահ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապրիլ 4-ին, կուսակցութեան 18-րդ համագումարին յայտարարած է, թէ ինչո՛ւ իր ղեկավարած քաղաքական ուժը պիտի չմասնակցի Յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ ինչպէ՛ս պիտի վարուին իրենց կուսակիցներն ու համակիրները։
Սերժ Սարգսեան իր ելոյթին մէջ յայտնած է, որ այդ որոշումը, այնուամենայնիւ, ոմանց սրտով չէ։
“Ես գիտեմ, որ մենք ճիշդ աշխատանքի պարագային պիտի յաղթահարէինք կուսակցութեան համար անհրաժեշտ չորս տոկոսի շեմը։ Բայց ես գիտեմ նաեւ ուրիշ ճշմարտութիւն մը, զոր կը վերահաստատեմ այս ամպիոնէն։ Կը վստահեցնեմ ձեզ եւ մեր ժողովուրդը, որ նոյնիսկ չմասնակցելով, աւելի ճիշդ՝ ուղղակի չմասնակցելով այս ընտրութիւններուն՝ ՀՀԿ-ն քաղաքական զարգացումներու կիզակէտին մէջ պիտի շարունակէ մնալ պայքարի առաջամարտիկներէն մէկը։ Մենք չենք մասնակցիր այս ընտրութիւններուն, որպէսզի աւելի եւս չպառակտենք ընդդիմադիր դաշտը, կարելիութիւն ընձեռենք սեփական խոստումները կեանքի կոչելու բոլոր այն ուժերուն, որոնց կը թուի, թէ իրենց կողմէ պիտակաւորուող նախկինները կը խանգարեն իշխանափոխութիւն ընել”,– ըսած է Սարգսեան։
Ան աւելցուցած է, որ ՀՀԿ-ն վերոյիշեալ որոշումը կայացուցած է, որպէսզի քաղաքական դաշտին մէջ սեփական «ես»-ը, ներկուսակցական շահերը եւ սեփական քաղաքական հաշուարկները համընդհանուր յաջողութեան ստորադասելու օրինակ ծառայէ։
“Ընտրութիւններուն ուղղակի չմասնակցելու որոշումը մեծապէս պայմանաւորուած է նաեւ այն հանգամանքով, որ մանրակրկիտ կատարուած ընկերաբանական հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, թէ հանրապետականները եւ մեր համակիրները, գրեթէ առանց բացառութեան, կը պատրաստուին մասնակցիլ ընտրութիւններուն եւ քուէարկել միայն ու միայն ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու ի նպաստ։ Այսինքն՝ մեր ընտրողներուն ձայները պիտի չկորսուին, այլ պիտի միանան ընդդիմադիր ուժերու ընտրողներու ձայներուն՝ նպաստելով այս իշխանութիւններու վերարտադրման կասեցման”,– նշած է ՀՀԿ-ի նախագահը։
Անոր պնդումով՝ կեանքով եւ պայքարով կոփուած իրենց եսը երբեք չէ վերածուած եւ պիտի չվերածուի եսասիրութեան։
“Այդ որոշումը կայացնելը դիւրին չեղաւ մեզի, բայց կասկած չունիմ, որ ատոր համար մենք երբեք պիտի չամչնանք։ Ճիշդ հակառակը՝ պիտի դառնանք Հայաստանի ժամանակակից քաղաքական պատմութեան մէջ «Կուսակցութեանս հետ, բայց ազգիս համար» գաղափարախօսութեամբ գործելու լաւագոյն օրինակը”,– եզրափակած է Սարգսեան։
