«Եւրոպական Միութիւնը 2026-ին պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի կողքին՝ ի խնդիր Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ դիմադրականութեան»։ Այս մասին իր Ամանորի ուղերձով յայտնած է Հայաստանի մէջ ԵՄ դեսպան Վասիլիս Մարակոս։
“Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի վստահելի գործընկերն է. մեր գործընկերութեան հիմքը կը կազմեն ընդհանուր արժէքները՝ ժողովրդավարութիւնը, իրաւունքի գերակայութիւնը, մարդկային իրաւունքները։ Անոնք կ՚օգնեն արժանապատիւ կեանք ապահովելու մեր քաղաքացիներուն”,– հայերէն արտասանած իր ուղերձին մէջ նշած է դիւանագէտը։
Ան աւելցուցած է, որ Երեւանն ու Պրիւսէլը 2025-ին խորացուցած են գործընկերութիւնը։
“Ես կը տեսնեմ հայ ժողովուրդին ձգտումը՝ դէպի աւելի բարեկեցիկ, ապահով եւ անվտանգ ապագայ։ Մենք ձեզի հետ ենք այս ճանապարհին վրայ”,– նշած է Մարակոս։
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց նախարար Քայա Քալլաս յայտարարած էր, թէ Երեւանը 2026-ի ընտրութիւններէն առաջ Պրիւսէլէն աջակցութիւն խնդրած է՝ արտաքին միջամտութեան դէմ պայքարելու համար։
