Ֆրանսական «Le Figaro» թերթին համաձայն՝ երկրին կառավարութիւնը յառաջիկային մտադիր է խորհրդարան ներկայացնել օրինագիծ մը, որ կը նախատեսէ արգիլել մինչեւ 15 տարեկաններու մուտքը ընկերային ցանցեր։
«Եթէ Ազգային ժողովը վաւերացնէ այս օրինագիծը, արգելքը ի զօրու պիտի դառնայ 2026 Սեպտեմբեր 1-էն սկսեալ»,– կը գրէ թերթը։
Ֆրանսայի կառավարութիւնը համոզուած է, որ այս քայլով անչափահասները զերծ պիտի մնան անցանկալի բովանդակութեամբ գրառումներէ եւ տեսանիւթերէ, ինչպէս նաեւ պիտի բարելաւուի անոնց հոգեբանական վիճակը։
Օրինագիծի ընդունման պարագային, Ֆրանսա պիտի դառնայ աշխարհի երկրորդ երկիրը, որ կ՚արգիլէ անչափահասներու մուտքը ընկերային ցանցեր։ Յիշեցնենք, որ քանի մը ամիս առաջ նմանօրինակ օրէնք մը ընդունած էր նաեւ Աւստրալիոյ խորհրդարանը։
