Նոր սահմանափակումներ՝ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ

Նոր-Ընտրական-օրենսգիրքը-կնպաստի-գաղափարական-ընտրություններին

Հայաստանի Ազգային ժողովը վերջին պահուն փոփոխութիւններ հաստատեց Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ՝ նոր սահմանափակումներ պարտադրելով կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու անուանումներուն գծով։ Այս քայլը տեղի կ՚ունենայ խորհրդարանական ընտրութիւններէն երկու ամիս, իսկ թեկնածուներու պաշտօնական արձանագրութեան սկիզբէն քանի մը օր առաջ։ Օրինագիծը ընդունուեցաւ 67 թեր եւ 6 դէմ քուէներով. բոլոր կողմ քուէարկողները իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխաններն էին։

Ըստ հաստատուած փոփոխութիւններուն՝ կ՚արգիլուի կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու անուանումներուն մէջ անձնանուններու գործածութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական կամ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու յղումներն ու որեւէ վիրաւորական կամ ապակողմնորոշող ձեւակերպում։

Յաւելեալ դրոյթներով կը խստացուին նաեւ քուէարկութեան ընթացակարգերը։ Այսուհետեւ քուէաթերթիկները պիտի նկատուին անվաւեր, եթէ ծրարին մէջ յայտնաբերուին յաւելեալ նշումներ կամ օտար առարկաներ։ Միեւնոյն ժամանակ, ընտրական պաշտօնեաներուն կ՚արգիլուի քուէներու հաշուարկին ընթացքին այլ իրեր շօշափել։

Ընդդիմադիր ճակատը խիստ դժգոհութեամբ արձագանգած է այս փոփոխութիւններուն՝ պնդելով, որ իշխանութիւններու այս հապշտապ քայլը ուղղակիօրէն կը թիրախաւորէ նորաստեղծ «Ուժեղ Հայաստան Սամուէլ Կարապետեանի հետ» դաշինքը՝ նպատակ ունենալով ընտրութիւններուն ընդառաջ խոչընդոտել անոր այդ անուանումով արձանագրումը։

Նշենք, որ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները նախատեսուած են 2026 Յունիս 7-ին, իսկ թեկնածուներու եւ ընտրական ցանկերու արձանագրման գործընթացը կը սկսի Ապրիլ 13-ին։