Թրքական դատարանը արդարացուցած է քիւրտ շարժանկարիչը

Ռոժհիլաթ Աքսոյ

Թրքական դատարանը արդարացուցած է քիւրտ շարժանկարիչ Ռոժհիլաթ Աքսոյը, որուն դէմ դատական գործ յարուցուած էր՝ Տիարպեքիրի մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Արշալոյս Մարտիկանեանի մասին պատմող «Արշալոյսի լուսաբացը» (« Aurora’s Sunrise ») վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը կազմակերպելուն համար։ Այս դատավարութիւնը լայն քննադատութեան արժանացած էր Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան սահմանափակման մեղադրանքով։

Աքսոյ կ՚ամբաստանուէր Թուրքիոյ Պատժական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով՝ «թրքական ազգն ու պետական կառոյցները հրապարակայնօրէն վիրաւորելու» յանցանքով։ Մեղադրանքը կը հիմնուէր լոկ այն փաստին վրայ, որ ան 2024 Դեկտեմբեր 17-ին պաշտօնական դիմում ներկայացուցած էր Տիարպեքիրի մշակութային կեդրոնին մէջ նշեալ շարժանկարը ցուցադրելու համար։ Դատախազութիւնը որպէս ապացոյց ներկայացուցած էր ֆիլմի այն տեսարանները, ուր 1915-ի դէպքերը կը ներկայացուին իբրեւ ցեղասպանութիւն, իսկ հայերը՝ որպէս անմարդկային վերաբերումի զոհեր։

Ապրիլ 6-ին կայացած դատավարութեան երկրորդ նիստի ընթացքին, Աքսոյի փաստաբանը պահանջած է ամբողջութեամբ արդարացնել իր պաշտպանեալը՝ շեշտելով, որ այս մեղադրանքը ուղղակի հարուած է խօսքի եւ գեղարուեստական արտայայտման ազատութեան։ Փաստաբանը յիշեցուցած է, որ Աքսոյ միայն կազմակերպիչն էր եւ ոչ թէ ֆիլմին բեմադիրը, թէեւ նոյնիսկ նման շարժանկար մը բեմադրելը պաշտպանուած է խօսքի ազատութեան իրաւունքով։ Պաշտպանական կողմը վկայակոչած է նաեւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի (ՄԻԵԱ) նախադէպերը, ուր նշուած է, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթի օգտագործումը եւ 1915-ի դէպքերուն քննարկումը խօսքի ազատութիւն կը նկատուին։

Այս բոլոր հիմնաւորումներէն ետք, դատարանը որոշած է ազատ արձակել եւ արդարացնել Ռոժհիլաթ Աքսոյը՝ վերջ դնելով այս դատական հալածանքին։