Արհեստական բանականութեան նշումը՝ պարտադիր

ԱԲ

Հայաստանի խորհրդարանին մէջ քննարկուած է կառավարութեան կողմէ ներկայացուած «Տեսալսողական մետիայի մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու նախագիծը։ Որպէս հիմնական զեկուցող՝ Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան նշած է, որ այս նախագիծով կ՚առաջարկուի շարք մը լրացումներ կատարել, որոնց հիմնական նպատակն է ստիպել հրապարակողները պարտադիր կերպով մակնշելու (labeliser) այն բոլոր հաղորդումներն ու նիւթերը, որոնք արտադրուած են արհեստական բանականութեան կամ այլ թուային արհեստագիտութիւններու միջոցով։ Նախարարին համաձայն, նման բովանդակութեան վրայ պէտք է յստակ եւ տեսանելի կերպով նշուի, որ ան ստեղծուած է արհեստական բանականութեան գործիքներով։

Պատասխանելով իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան երեսփոխան Լուսինէ Բադալեանի հարցումին, թէ այս պահանջքը չյարգելու պարագային ի՞նչ պատիժ կը նախատեսուի, նախարարը յստակացուցած է, որ խախտումներու պարագային հրապարակողը պիտի ենթարկուի տուգանքի՝ 300.000 դրամի չափով (շուրջ 700 եւրօ)։ Այս վերահսկողութիւնը պիտի կատարէ Ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի յանձնաժողովը։

Հայրապետեան նաեւ աւելցուցած է, որ ներկայ հանգրուանին այս օրէնքը չի վերաբերիր համացանցային տիրոյթին, սակայն յառաջիկայ ամիսներուն աւելի ընդգրկուն կարգաւորումներ պիտի ներկայացուին Ազգային ժողով։ Ան ընդգծած է, որ ներկայիս աշխարհի վրայ չկայ որեւէ երկիր, որ ամբողջութեամբ կրցած է չէզոքացնել այս մարզի վտանգները, հետեւաբար նման քայլերով Հայաստան կը փորձէ նուազեցնել զանոնք ու ներդնել վերահսկողական յստակ գործիքակազմեր։