«Ֆրանսան՝ հայ երեխաներու աչքերով» ցուցահանդէսը Փարիզի մէջ

Ցուցահանդէս-1

Յուլիս 11-ին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Փարիզի «Ալեք Մանուկեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆրանսան՝ հայ երեխաներու աչքերով» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը։

Ձեռնարկի ընթացքին այցելուները առիթ ունեցան ծանօթանալու Հայաստանէն ժամանած պատանի նկարիչներու ստեղծագործութիւններուն եւ զրուցելու անոնց հետ։

Ներկայացուած աշխատանքներուն մէջ պատանի արուեստագէտները իրենց իւրօրինակ մօտեցումով արտացոլած էին Հայաստանն ու Ֆրանսան՝ ընդգծելով երկու ժողովուրդները միաւորող մշակութային կապերն ու բարեկամութիւնը։

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր պատանի արուեստագէտներուն, ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» մշակութային կեդրոնին, «Universe Art» միջազգային փառատօնի նախագահ Աննա Յարութիւնեանին, ինչպէս նաեւ գործընկերներուն ու այցելուներուն, որոնց մասնակցութիւնն ու զօրակցութիւնը նպաստեցին ցուցահանդէսի յաջող իրագործման։