«Պոլիսը իմ աչքերով»
Լեւոն Լաճիկեանի գծանկարներուն ցուցադրութիւնը՝ Երեւանի մէջ
Երեքշաբթի, Մայիս 19-ին, Երեւանի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական մասնաշէնքի դահլիճին մէջ (Մելիք Ադամեան 2) բացումը կատարուեցաւ արուեստաբան, գծանկարիչ Լեւոն Լաճիկեանի «Պոլիսը իմ աչքերով» խորագրեալ անհատական ցուցահանդէսին։ Ցուցահանդէսը մաս կը կազմէ ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 120-ամեակի յոբելինական ձեռնարկներուն:
Ցուցադրութիւնը կ՚ընդգրկէ շուրջ յիսուն գծանկարներ, որոնք կը պատկերացնեն հին ու նոր Պոլիսը տարբեր դիտանկիւններէ, հայկական ճարտարապետական նմուշներ՝ կոթողներ, եկեղեցիներ, մզկիթներ, դպրոցներ կը կազմեն նկարներուն մեծ մասը:
Բացման հանդիսութեան կ՚ընկերանար դասախօսութիւն մը «Պոլիսը՝ հին եւ նոր» խորագրեալ պատկերագիրքին մասին։ Եռալեզու այս հատորը լոյս տեսած է հովանաւորութեամբ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին: Հրատարակութիւնը կ՚ընդգրկէ Լաճիկեանի՝ Պոլսոյ շուրջ հարիւր գծանկարները:


Սրահը լի էր արուեստասէրներով, մշակութային գործիչներով ու մտաւորականներով, որոնց շարքին կային նաեւ Պոլիսէն եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն ժամանած հիւրեր։
Լեւոն Լաճիկեան հանդիսատեսին հետ զրուցելով ներկայացուց իր աշխատանքներուն ստեղծման պատմութիւնը: Ան նշեց, որ Պոլսոյ մէջ իւրաքանչիւր փողոց, շէնք կամ յուշարձան կը պատմէ հայ ժողովուրդի ներկայութեան ու ստեղծագործ ոգիին մասին։ Ան անդրադարձաւ հայերու հետքերուն՝ բիւզանդական շրջաններէն մինչեւ Օսմանեան կայսրութիւն եւ արդի Թուրքիա։

Լաճիկեան յիշեց դարեր շարունակ Պոլսոյ դիմագիծին վրայ ազդեցութիւն ունեցած հայ ճարտարապետերը, ինչպէս՝ Միմար Սինանը, Պալեան ընտանիքը եւ՝ «Նոյնիսկ երբ կը նկարեմ մզկիթ մը կամ օսմանեան մշակոյթին հետ կապուած կառոյց մը, անոր պատմութեան մէջ շատ յաճախ կը յայտնաբերեմ հայու մը մասնակցութիւնը, հայ վարպետի մը կամ հայ ճարտարապետի մը դրոշմը»,– ըսաւ ան։

Արուեստագէտը խօսքին ընթացքին ցոյց կու տար պաստառը, որ նախ կը ցոլացնէր պատմական ճանչցուած դէմքեր, ակնառու հայեր, որոնք Թուրքիոյ պատմութեան ընթացքին դրոշմներ թողած են թրքական երաժշտութեան, բժշկութեան, լատինատառ գիրի ստեղծման եւ այլ բնագաւառներու զարգացման մէջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ առաջին կին օդաչու Սապիհա Կէօքչէնին եւ անոր հայ ինքնութիւնը փաստող Հրանդ Տինքի յօդուածին:
Հանդիսատեսը գծանկարներով կը հետեւէր պատմութեան ընթացքին, որ հետզհետէ կը հասնէր մինչեւ մեր օրերը: Ներկայ իրա-
վիճակին մասին Լաճիկեան ցաւով նշեց պոլսահայ համայնքի նօսրացումը, անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ հակառակ անոնց, պոլսահայոց տրոփուն սիրտը համայնքը կայտառ պահելու:
Ներկաները վայելեցին Պոլսոյ պատմական յիշողութիւնը եւ մշակութային ժառանգութիւնը նկարչութեամբ վերակենդանացնելու արուեստագէտին բացառիկ փորձը:
Ցուցադրութիւնը աւարտեցաւ Մայիս 22-ին:
Արուեստագէտին մասին
Լաճիկեան ծնած է Գիւմրի՝ 1955-ին։ Աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Գեղագիտութեան մասնաճիւղը։
Բեղուն է իր գործունէութիւնը յատկապէս ԵՊՀ-ի մէջ դասաւանդմամբ, նկարիչներու եւ լրագրողներու միութեան անդամակցութեամբ։
Լաճիկեան իւրաքանչիւր այցելած վայրէն կը քաղէ յատկանշական ազդեցութիւններ, զորս կը մեկնաբանէ նուրբ վրձնահարուածներով եւ գիծերով։ Ան Գիւմրին պատկերած է իր հնութեան գեղեցկութեամբ՝ «Քեզ համար Գիւմրի» պատկերագիրքով, իսկ «Հայկական եկեղեցիներ» պատկերագիրքը կը ցոլացնէ հայկական ճարտարապետութեան ոգին, մինչ «Պոլիսը՝ հին եւ նոր» եռալեզու պատկերագիրքը կը կրէ արուեստագէտին վերջին տասնամեակի Պոլսոյ այցելութիւններուն հիման վրայ ստեղծուած գծանկարները։ Պատկերագիրքերը հրատարակուած են Հայաստանի, Պոլսոյ եւ Նիւ Եորքի մէջ։


Անոր աշխատանքները կը վերածուին մերթ օրացոյցերու, մերթ բացիկներու եւ դրոշմաթուղթերու, մերթ կը զարդարեն հրատարակութեան շապիկներ։ 2022-էն ի վեր արուեստաբանը ծննդավայր Գիւմրիին կը նուիրէ պատկերազարդ եռալեզու օրացոյցեր իր գծանկարներով։ Այս տարուան օրացոյցը Գիւմրիի գծանկարներուն կողքին կ’ընդգրկէ նաեւ եւրոպական զանազան տեսարժան վայրերու գծանկարներ։
Լաճիկեան գծանկարչութեան կողքին նաեւ ուսումնասիրող եւ հրապարագիր է։ Հեղինակած է տասնեակ գիտական եւ հարիւրաւոր հրապախօսական յօդուածներ՝ հայագիտական հանդէսներու, հանրագիտարաններու եւ հայ ու օտար մամուլի մէջ։
Արուեստաբանը 15 անհատական ցուցահանդէս ունեցած է Հայաստանի մէջ եւ այլուր։
Լաճիկեանի ստեղծագործութիւնները կը գտնուին ԱՄՆ-ու, Գանատայի, Արժանթինի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Վիեննայի, Թուրքիոյ, Լիբանանի եւ Հայաստանի սեփական հաւաքածոներու մէջ։
Լեւոն Լաճիկեանի Պոլսոյ մասին նուրբ գծանկարները տեսնելով, հանգուցեալ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանը ըսած է. «Լեւոն Լաճիկեանի Պոլսոյ նկարներուն նայելով մենք նոր Պոլիսի մը գիւտը ըրինք եւ քիչ մը աւելի շատ սիրեցինք մեր քաղաքը»։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ ■
