Միրզոյանը ներկայ պիտի ըլլայ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նոր շէնքի պաշտօնական բացումին

Միրզօ-Պառօ

Ապրիլ 27-28, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այցելութեամբ պիտի գտնուի Ֆրանսա: Այս մասին Դիմագիրքի իր էջին վրայ յայտնած է Նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեանը:

Այցելութեան ծիրին մէջ ծրագրուած է հանդիպում Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պառոյի հետ: Բացի ատկէ, Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի դեսպանատան նոր շէնքին պաշտօնական բացումը: Օրակարգի վրայ նախատեսուած է նաեւ եւրոպական երկիրներու մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու հաւաք մը: