Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղամարդոց հաւաքականը՝ Եւրոպայի լաւագոյնը

Ծանրաբարձութիւն

Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 2026 թուականի ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Վրաստանի Պաթումի քաղաքին մէջ, Ապրիլ 19-էն մինչեւ 26։ Այս կարեւոր մրցաշարքին, Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղամարդոց ընտրանին ճանչցուեցաւ լաւագոյնը Եւրոպայի մէջ։

Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Ծանրաբարձութեան դաշնակցութեան մամլոյ ծառայութիւնը։ Յատկանշական է, որ Հայաստանի տղամարդոց հաւաքականը երկրորդ տարին ըլլալով յաջորդաբար կը հանդիսանայ Եւրոպայի ախոյեանութեան խմբային հաշուարկի յաղթականը։ Միւս կողմէ, կանանց հաւաքականը խմբային դասաւորման մէջ գրաւեց պատուաբեր երրորդ դիրքը։

Ախոյեանութեան ընթացքին Հայաստանի հաւաքականէն ոսկի մետալակիր դարձան Վարազդատ Լալայեանը, Էմմա Պօղոսեանն ու Գարիկ Կարապետեանը։ Արծաթ մետալներու արժանացան Գառնիկ Չոլաքեանը, Ալեքսանդրա Գրիգորեանը, Գոռ Սահակեանն ու Արա Աղանեանը, մինչ Մարտին Պօղոսեանը նուաճեց պրոնզէ մետալ։

Բացի ասկէ, հրում վարժութեան մէջ Աննա Ամրոյեանը նոյնպէս տիրացաւ ոսկի մետալի, իսկ Լիանա Գիւրջեանը ապահովեց արծաթ մետալ։